Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Պաշտօնեան Կը Կարծէ, Որ Մոսկուան Պիտի Փորձէ Խանգարել Դիտորդներուն Աշխատանքը

ԵՄ Պաշտօնեան Կը Կարծէ, Որ Մոսկուան Պիտի Փորձէ Խանգարել Դիտորդներուն Աշխատանքը

«Քանի Մը Դէպք Ունեցած Ենք, Երբ Ռուս Սահմանապահները Մեր Դիտորդները Ետ Ուղարկած Են»

by MassisPost

Եւրոմիութեան Արտաքին Գործողութիւններու Ծառայութեան աղբիւրը «POLITICO» պարբերականին հաստատած է, որ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմաններուն ԵՄ նոր երկարաժամկէտ դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու նախապատրաստական ծրագիրները վերջնական տեսքի բերուած են:

Աղբիւրին խօսքով` «որոշ քայլեր դեռ պէտք է յստակացուին, որմէ յետոյ որոշման նախագիծը պիտի ուղարկուի Քաղաքական եւ Անվտանգութեան Կոմիտէ` երկու տարուան մանդատ ստանալու ակնկալիքով»:

Կը նախատեսուի, որ Հայաստանի մէջ պիտի տեղակայուի մինչեւ 100 դիտորդ:

Միաժամանակ, եւրոպացի պաշտօնեան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ հետ լարուած յարաբերութիւնները պէտք է հաշուի առնուին` ի նկատի ունենալով վերջինիս ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

«Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ ամէնուր է: Մենք քանի մը դէպք ունեցած ենք, երբ ռուս սահմանապահները մեր դիտորդները ետ ուղարկած են, նոյնիսկ այն պարագային, որ անոնց կ’ուղեկցէին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնեաները», յայտնած է «POLITICO»-ի աղբիւրը:

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով Յունուար 18-ին ըսած էր.

«Մենք հիմա ալ պատրաստակամ ենք ՀԱՊԿ առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահման: Թէեւ մենք դաշնակիցներ ենք, սակայն հայկական կողմը կը նախընտրէ Եւրոմիութեան հետ պայմանաւորուիլ, որպէսզի ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնը երկարաժամկէտ տեղակայուի: Պէտք չէ մոռնալ, որ խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի հետ սահմանին, եւ ԵՄ առաքելութիւնը կրնայ հակարդիւնաւէտ ըլլալ առանց Պաքուի համաձայնութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment