ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ:
Արարատ Միրզոյեան իր զրուցակցին ներկայացուցած է 2022 թուականի Դդեկտեմբեր 12-էն Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով օրէ օր վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը: Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանը իր գործողութիւններով կոպտօրէն կը խախտէ 2020 թուակաի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը:
Հայկական կողմը նշած է, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակման ատրպէյճանական կողմին իբր բնապահպանական հիմնաւորումները եւ հնչող մեղադրանքները կեղծ են: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է առանց որեւէ նախապայմանի վերականգնել Լաչինի միջանցքի` Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած կարգը:
ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը զրուցակցին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերջին զարգացումները: