Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքին Արգելափակումը Կը Խոչընդոտէ Խաղաղութեան Գործընթացը. ԱՄՆ Դեսպանատուն

Լաչինի Միջանցքին Արգելափակումը Կը Խոչընդոտէ Խաղաղութեան Գործընթացը. ԱՄՆ Դեսպանատուն

by MassisPost

Պաշտօնական Ուաշինկթընի գնահատմամբ` Լաչինի միջանցքին արգելափակումը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը եւ կը խաթարէ միջազգային վստահութիւնը: «Ազատութեան» հարցման ի պատասխան` Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ «մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի հասանելիութեան խաթարման եւ ստեղծուած իրավիճակի մարդասիրական հետեւանքներուն առնչութեամբ»:

«Մենք կոչ կ’ընենք լիարժէք վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքով: Բոլոր հարցերուն մէջ յառաջընթացի միակ ճանապարհը բանակցութիւններն են», կը յայտնեն դեսպանատունէն:

Հարցին, թէ արդեօ՞ք ԱՄՆ-ն որեւէ քայլի կը ձեռնարկէ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին ուղղութեամբ, հնարաւո՞ր է մարդասիրական օգնութեան տրամադրում Արցախին, դեսպանատունէն պատասխանած են. «ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը կ’արձագանգէ Հայաստանի մէջ գտնուող տեղահանուած անձերու կարիքներուն` ՀՀ կառավարութեան պահանջներուն համահունչ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment