Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Վճիռ Կայացուց Հայկական Հիմնադրամներու Օգտին

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Վճիռ Կայացուց Հայկական Հիմնադրամներու Օգտին

by MassisPost

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը որոշած է, որ հայկական հիմնադրամներու երկու գոյքը վերադարձնելու պահանջի մերժումը կ’ոտնահարէ անոնց սեփականութեան իրաւունքը եւ պէտք է վերանայուի:

Թուրքիոյ մէջ մնացած հայկական միակ գիւղի` Վաքըֆլիի եկեղեցին եւ Սթամպուլի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը նախապէս իշխանութիւններուն կողմէ բռնագրուած էին եւ փոխանցուած՝ գանձապետարանի օգտին:

«Հիւրիէթ Տէյլի Նիւզը» կը յայտնէ, որ Սահմանադրական Դատարանի որոշումը Թուրքիոյ պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած է Յունուար 6-ին, եւ կը նշէ, որ հայկական հիմնադրամները Թուրքիոյ Բարձր Դատարան դիմած են ընդհանուր առմամբ 41 գոյք եւ ունեցուածք վերադարձնելու պահանջով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment