Home Uncategorized Արցախի Կառավարութիւնը Որոշած Է Անցնիլ Կտրօնային Համակարգի

Արցախի Կառավարութիւնը Որոշած Է Անցնիլ Կտրօնային Համակարգի

by MassisPost

Առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերքի եւ որոշ ապրանքներու բաշխման համար Արցախի կառավարութիւնը որոշած է անցնիլ կտրօնային համակարգի, «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտնեց պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի խորհրդական Նարինէ Աղաբալեանը: Պաշտօնեային խօսքով` կտրօնային համակարգի անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է, քանի որ պահեստային պաշարէն խանութներ մատակարարուող մթերքը քաղաքացիներէն ոչ-բոլորը կրնան ձեռքբերել:

«Նպատակը այն է, որ կարենանք պետական պահուստէն մատակարարուող թէկուզ քիչ քանակութեամբ մթերքը հաւասարաչափ բաշխել բնակչութեան միջեւ», նշեց Աղաբալեանը:

Մէկ ամիսէ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի խանութները գրեթէ դատարկ են, բացառութիւն են թանկարժէք խմիչքները, տեղական արտադրութեան կաթնամթերքը, հացն ու լաւաշը: Պահեստային պաշարէն Արցախի կառավարութիւնը խանութներ կը մատակարարէ ձէթ, մաքարոնեղէն, շաքար, բայց անոնք վայրկեաններու ընթացքին կը սպառին: Վերջին օրերուն նոյնինքն քաղաքացիները կը բարձրաձայնէին կտրօնային համակարգի անցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Մինչեւ շրջափակումը Արցախ հարիւրաւոր թոներով սննդամթերք ու այլ ապրանքներ կը մատակարարուէին:

«Շարունակելու ենք հոգալ մեր բնակչութեանը պարէնով, անհրաժեշտ սննդամթերքով ապահովելու խնդիրները: Ուզում եմ նաեւ հաղորդել, որ մարդկանց հետ հանդիպումներում մենք տեսնում ենք, թէ ինչքան վճռական են նրանք տրամադրուած եւ պատրաստ են անգամ այդ պարէնի դժուարութիւնները կրել, բայց վճռական են տրամադրուած իրենց հայրենիքում ազատ ապրելու իրաւունքի համար պայքարելու հարցում», ընդգծեց արցախցի պաշտօնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment