Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօն:
Արարատ Միրզոյեանը դեսպանին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը` ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով շրջափակման մէջ յայտնուած Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակչութիւնը կ’առերեսուի հետզհետէ խորացող մարդասիրական ճգնաժամի:
Արարատ Միրզոյեանը կարեւորած է միջազգային հանրութեան կողմէ շարունակական եւ հասցէական արձագանգն ու քայլերը Լաչինի միջանցքը վերաբանալու ուղղութեամբ` համաձայն Ատրպէյճանի` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած պարտաւորութիւններուն: Այս ծիրին մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը բարձր գնահատած է ֆրանսական կողմին դիրքորոշումը` գոհունակութիւն յայտնելով նաեւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 20-ին ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդի հրատապ նիստի ընթացքին Ֆրանսայի կողմէ հնչեցուած կոչերուն եւ հետագային ներդրուած ջանքերուն առնչութեամբ: