Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայց. Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի Ս. Ծննդեան Պատգամը

Հայց. Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի Ս. Ծննդեան Պատգամը

Եւ Զայն Պիտի Կոչեն Էմմանուէլ

by MassisPost

Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը պիտի ծնի. եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի՝Աստուած մեզի հետ: (ՄԱՏԹ. Ա. 23)

Սիրելիներ, մօտ օրէն պիտի դիմաւորենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնը, եւ այս առիթովկը փափաքիմ ողջունել ձեզ՝ բորորիդ փոխանցելով իմ օրհնութիւնս եւ սրտաբուխ սէրս:

Այսպիսի առիթով, այնքան կը փափաքիմ ձեր հետ ըլլալ, մեր սքանչելի ժողովուրդին հետ աղօթելու եւմիասիրտ տօնելու Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը։ Գիտեմ, որ այդ շուտով տեղի պիտի ունենայ։

Սուրբ Ծնունդի տօնախմբութեանց կարեւոր մասն է իրարու հետ ըլլալը։ Այս օրերուն աւելի եւս կըցանկանք ըլլալու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, մեր ծնողաց եւ զաւակաց, մեր հարազատներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ սիրեցեալներուն հետ։

Միասին ըլլալու մարդկային այս իղձը աւելի խորիմաստ կը դառնայ Աւետարանի լոյսին տակ: Յիսուսիմասին առաջին յայտնութիւններէն մին, նոյնիսկ իր ծնունդէն առաջ, սա մարգարէութիւնն է որ յիշուած էՄատթէոսի աւետարանին մէջ. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը պիտի ծնի. եւ զայն պիտի կոչենԷմմանուէլ, որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ:»

Ի՜նչ գեղեցիկ եւ յուսադրիչ յայտնութիւն. «Աստուած մեզի հետ:» Այս է ահա որ կը զատորոշէՔրիստոնէութիւնը բոլոր այլ կրօնքներէ եւ գաղափարաբանութիւներէ: Այս խոստումը կը նշանակէ որԱստուած մեր կողքին է, գիտէ մեր յոյսերն ու յուսախաբութիւնները, մարդկային կեանքի մերհրճուանքներն ու ցաւերը: Աստուած, իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, մասնակից դարձաւիր ստեղծագործութեան կեանքին: Եւ ատով իսկ սրբացուց կեանքը: Իր սէրը մեզի հանդէպ կը մեծարէ եւկ՛օրհնէ մեզ որպէս բացառիկ անհատականութիւններ։

Քրիստոսի անունը, «Էմմանուէլ. Աստուած մեզի հետ.» հաստատումն է թէ Աստուած հեռու չէ մեզմէ այլիրապէս մօտ է մեզի:

Աստուած մեզի հետ է որովհետեւ կը հաւատայ մեզի, կը վստահի որ մենք կարողութիւնը ունինքփոխադարձելու մեզի հանդէպ նախ իր ցուցաբերած սիրոյն, իր Որդւոյն՝ Յիսուսի մարդեղութեամբ: Քրիստոսի միջոցաւ Աստուած մեր առջեւ բացաւ ճամբան մօտենալու իրեն եւ վայելելու իր գթառատ, հայրական սէրը:

Սիրելիներ, բարի լուր մը, աւետիս մըն է այս, եւ իսկապէս մեծ աւետիս մը: Եւ ասոր համար է որ մենք, ՀայԵկեղեցւոյ զաւակներս, զիրար կ՛ողջունենք հետեւեալ յաւերժական ողջոյնով. «Քրիստոս Ծնաւ եւՅայտնեցաւ»։ Եւ կը պատասխանենք այդ ողջոյնին  ըսելով. «Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»։

Այս աւետիսը, ուժ կու տայ մեզ պայքարելու ընդդէմ աշխարհի բոլոր վատ լուրերուն եւ պատահարներուն։Արդարեւ, Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը մխիթարած ու պաշտպանած է Հայ ժողովուրդի զաւակներըսերունդներ շարունակ:

Բայց այժմ, Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ, պարտինք պատասխանել սա հարցումին թէ՝ արդեօք մենքի՞նչպէս պարտինք պատասխանել Աստուծոյ սիրոյն. ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրինպատասխանը ի տես Աստուծոյ սիրոյն:

Սիրելիներ, պատասխանը պարզ է. Աստուած չուզէր եւ պէտք ալ չունի որեւէ արտասովորիրագործումներու մեր կողմէ: Ան կ՛ակնկալէ միայն որ մենք փոխադարձենք իր սէրը, եւ բաժնենք զայնայլոց հետ:

Երբ մենք այդ կ՛ընենք, արդէն իսկ առաջին քայլը առած կ՛ըլլանք կեանք մը եւ ընկերութիւն մը ամուրհիմքերու վրայ դնելով, որոնք ճշմարտապէս արժանի են այն խոստումին թէ՝ «Աստուած մեզի հետ է»։

Թող այս ըլլայ մեր նպատակակէտը Ս. Ծնունդը կանխող այս օրերուն եւ յառաջիկայ տարուայ ընթացքին: Իմ օրհնութիւնս բոլորիդ: Կ՛աղօթեմ ձեր բոլորին համար յոյսի եւ խաղաղութեան այս շրջանին։

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս. 

Աղօթիւք եւ օրհնութեամբ՝

ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Առաջնորդ

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment