Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը

Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը

by MassisPost

«Մի’ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ: Այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթի քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է»  (Ղուկ. 2.10-11):

Ասկէ աւելի քան քսան դարեր առաջ, գիշեր մը Բեթլեհէմի դաշտերուն մէջ երբ հովիւներ իրենց հօտերուն պահակութիւն կ’ընէին, Աստուծոյ հրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Աստուծոյ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ: Բնականաբար հովիւները սաստիկ վախցան, որովհետեւ անսովոր, վախազդու եւ անբացատրելի տէսարանի մը ականատես կ’ըլլային: Նմանօրինակ բան մը երբեք պատահած չէր իրենց կեանքին մէջ:

Սակայն, հրեշտակը հանդարտեցուց հովիւները ըսելով. «Մի’ վախնաք, Ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Այսօր Դաւիթի քաղաքին (իմա Բեթլեհէմի) մէջ Փրկիչ մը ծնաւ որ Օծեալ Տէր է:»

Հաւանաբար հովիւներ լսած էին, որ Աստուած օր մը հրեայ ժողովուրդին Մեսեայ մը պիտի ղրկեր ազատագրելու զիրենք: Բայց հրեշտակը կը հաղորդէր, թէ ծնող մանուկը բոլոր մարդոց Փրկիչը պիտի ըլլայ:

Մեծ ուրախութեան աւետիսը այն էր, որ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան այդ չնաշխարհիկ օրը տիեզերքի Արարիչը երկինքէն երկիր կու գար որպէս զի յեղաշրջէ համայն մարդկութեան պատմութիւնը եւ մարդոց  ճակատագիրը: Այո’, Սուրբ Ծնունդի այդ գիշերը անցած դարերու վեհագոյն յոյսերը կ’իրականանային երբ Աստուած մուտք կը գործէր այս մոլորակին վրայ՝ Իր եւ մարդոց միջեւ խզուած յարաբերութիւնը վերահաստատելու եւ անոնց նոր կեանք պարգեւելու:

Այս աշխարհի մեծագոյն դժբախտութիւնը Աստուծմէ հեռու մնալու իրականութիւնն է: Ոչ մէկ հիւանդութիւն, ոչ մէկ չարչարանք, ցաւ ու տուայտանք այնչափ ահաւոր եւ քստմնելի է որչափ մեղքը, որ Աստուծմէ բաժնուելու եւ հեռանալու ահաւոր իրականութիւնն է: Անտարակոյս, մեղքը մարդկային ընկերութեան մեծագոյն անէծքն է, որ կը բաժնէ արարածը իր Արարիչէն: Ահա այդ պատճառով է, որ հրեշտակը կը յայտարարէ հովիւներուն. «Ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ»:

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդը աշխարհի մեծագոյն հրաշքն է, որովհետեւ իր սուրբ Ծնունդով Աստուած ինքզինք կը պարգեւէ համայն մարդկութեան: Յիսուս մանուկին ծնունդով Աստուած կ’այցելէ մարդկութեան: Աստուած կը մարդկանայ՝ իրմէ հեռացած մարդոց հետ բնակելու եւ անոնց վերստին ծնունդ տալու համար: Ասիկա կ’ընէ, որովհետեւ Ան կը սիրէ մարդ արարածը անսահման սիրով:

Հովիւները երբ այս մեծ ուրախութեան աւետիսը լսեցին, աանմիջապէս գործի անցան: Իրարու ըսին. «Եկէք Բեթլեհեմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց»: Անոնք անյապաղ Բեթլեհէմ գացին եւ փնտռելով գտան նորածին Արքան, Յիսուս Մանուկը, եւ փառաբանեցին եւ օրհնաբանեցին զԱստուած: Ուրախութեան լուրը պէտք է մղէ անհատը գործնական քայլ առնելու եւ ստուգելու ուրախութիւն պատճառող եղելութիւնը փնտռելու, գտնելու զայն եւ զԱստուած օրհնաբանելու:

Աւելի քան քսան դարեր ետք, բազմամիլիոն մարդիկ աշխարհի չորս ծագերուն ամէն տարի Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնեն առանց Յիսուս Մանուկը փնտռելու եւ գտնելու: Ծնունդ կը տօնեն առանց Ծնեալին: Անոնք կը մոռնան թէ Ս. Ծնունդի տօնակատարութեանց մէջ  ամենէն կարեւոր բանը Բեթլեհէմի Մանուկը ընդունիլ որպէս Փրկիչ եւ զԱստուած փառաբանել եւ օրհնաբանել այս մեծ Պարգեւին համար:

Արդ, եթէ կ’ուզենք իսկական Ծնունդ մը տօնել Աստուծոյ փառք տալու ենք Իր շնորհաբեր այցելութեան համար եւ մեր սրտերը վերածենք մէկական Բեթլեհէմեան մսուրի՝ Իր միածին Որդին հիւրընկալելու համար եւ փառաբանութեան գոհունակ սրտով յայտարարելու՝

Քրիստով ծնաւ եւ յայտնեցաւ.
Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ,
Գործադիր Տնօրէն  Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment