Հայաստանը ներկայացող կրոսմայսթըր Հայկ Մարտիրոսեանը 3-րդն է կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մէջ:
Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ աւարտած կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մէջ Հայկ Մարտիրոսեանը 21 հնարաւորէն հաւաքելով 15 միաւոր` կիսեց 2-3-րդ տեղերը Հիքարու Նաքամուրայի հետ, սակայն յաւելեալ միաւորներով գրաւեց երրորդ տեղը:
Առաջին տեղը աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Գարլսընն է, որ հաւաքեց 16 միաւոր:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեանը վերջին փուլին գերազանցեց ԱՄՆ ներկայացուցիչ Ֆապիանու Գարուանան:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն Զաւէն Անդրէասեանը 32-րդն է, Տիգրան Պետրոսեանը`33-րդը, Շանթ Սարգսեանը` 38-րդը:
Կանանց պայքարին մէջ լաւագոյն արդիւնքը գրանցեց Էլինա Դանիէլեանը, որ 14-րդն է: