Home Uncategorized Ընտրապայքա՞ր, Թէ Քիւտերը Ոչնչացնելու Արշաւ

Ընտրապայքա՞ր, Թէ Քիւտերը Ոչնչացնելու Արշաւ

by MassisPost

ՃՐՏԳ. Համբարձում Աղպաշեան

Վերջերս լրատուական միջոցները սփռեցին հիւսիսային Սուրիոյ բնակող քիւտերուն ուղղուած Թուրքիոյ բազմիցս սպառնալիքներու մասին՝ անոնցմէ պահանջելով 30 քլմ. ետ քաշուիլ Թուրքիոյ սահմաններէն, երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար, այլապէս Թուրքիա պիտի ներխուժէ Սուրիոյ հիւսիսային մասը գտնուող քաղաքներն ու տարածքները։

Սպառնալիքները իրենց տեսակին մէջ առաջինը չեն, որովհետեւ անոնք ժամանակ առ ժամանակ կը կրկնուին, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կարիք կը զգայ  թէ պէտք է արծարծել իրավիճակը Սուրիոյ սահմանին վրայ և փորձել հետապնդել Քիւրտ զինեալներուն, որովհետեւ ան կը վախնայ  այնտեղ համախմբուած զինեալ  քիւրտերու ազդեցութեան աճէն: Թուրքիոյ սուրիական դեմոկրատական ​​ուժերը, որոնք  քիւրտերէ կը բաղկանան և սուրիական քիւրտ ժողովրդի պաշտպանութեան միաւորումները դաշնակիցներ՝ աւելի ճիշտ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) ընդլայնումը կը համարէ. վերջինը արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը պայքարի Թուրքիոյ քիւրտերու ազգային իրաւունքները ապահովելու  համար։

Ըստ պատմական տուեալներու, մեծ թիւով փախստական քիւրտեր 1925 թ., Թուրքիայէն Սուրիա ապաստանած են, Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ ճնշուած Քիւրտ շէյխ Սաիդ Բիրանի յեղափոխութենէն ետք. 1926 թ. Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ այդ ժամանակ Սուրիոյ մէջ բնակող  քիւրտերուն մէկ միլիոնը Սուրիոյ քաղաքացիներ չեն, որովհետեւ անոնց նախնիներու և ընտանիքներու մասին տուեալներ  չկան 1920 թ. առաջ Օսմանեան կայսրութեան տոմարներուն մէջ, երբ Սուրիան մաս կը կազմէր այդ կայսրութեան:

Այդպէս ալ մնաց իրավիճակը  մինչև 1962 թ., երբ Սուրիոյ նախագահ Նազիմ ալ-Քուդսիի և անոր վարչապետը Պաշիր ալ-Ազմայի օրոք (Հասաքէ) նահանգին մէջ մարդահամար տեղի ունեցաւ. ան կոչուեցաւ  «Ալ-Հասաքէյի մարդահամար 1962» և անոր արդիւնքին համեմատ Սուրիոյ քիւրտերը դասակարգուեցան հետևեալ կերպով.

Քիւրտեր որոնց բնակութիւնը հաստատուած է Սուրիոյ մէջ ըստ Օսմանեան հին արձանագրութիւններուն, անոնք սուրիացիներ են:

Քիւրտեր որոնք  Սուրիոյ քաղաքացիներ չեն, սակայն գրանցուած են պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ որպէս օտարերկրացիներ:

Քիւրտեր որոնք  Սուրիոյ քաղաքացիներ չեն և նոյնիսկ գրանցուած չեն պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ որպէս օտարերկրացիներ:

2011 թ. Ապրիլ 7-ին նախագահ Պաշար ալ-Ասատը հրապարակեց 2011 թ. նախագահական թիւ 49 հրամանագիրը, որուն համաձայն սուրիական քաղաքացիութիւն  շնորհեց այն քիւրտերուն,  որոնք գրանցուած են որպէս օտարերկրացիներ, այսինքն Հասաքէյի մարդահամարի երկրորդ խումբը։ Երրորդ խումբը կը մնայ զերծ քաղաքացիութենէ։

Ներկայիս Սուրիա գտնուող քիւրտերը ԱՄՆ-ի ռազմական աջակցութիւնը կը վայելեն, ետ մղած են «ՏԱԻՇ» ահաբեկչական խմբաւորման խուժանները և իրենց վերահսկողութեան տակ աոած են  հիւսիսային Սուրիոյ որոշ քաղաքներ: Անոնք այժմ կը վերահսկեն ծաւալուն տարածքներ Թուրքիոյ հետ սահմանի երկայնքով՝ Եփրատ գետէն մինչև Իրաքի սահմանը, ինչպէս նաև Աֆրինի տարածքը և այս երկու շրջանները բաժանուած են հսկայական տարածքով, որուն մեծ մասը դեռևս կը գտնուի ՏԱԻՇ-ի ձեռքը։

Անկախ անկէ թէ ինչ իրավիճակի են քիւրտերը Սուրիոյ մէջ, անոնք առաջին հերթին անհանգստութեան աղբիւր են  կառավարութեան համար՝ մասնաւորապէս անոնք որ  սուրիական քաղաքացիութիւն  չեն վայելեր: Վերջին տասնամեակին քաղաքական իրադարձութիւններուն զուգահեռ  քիւրտերը ապստամբեցան. զէնք վերցուցին պետութեան դէմ և անջատողական միտում ցոյց տուին։

Ի՞նչ կը վերաբերի թուրքերուն, Սուրիոյ քիւրտերը շատ մեծ թշնամիներ են որովհետեւ (PKK)-ի ընդլայնումն են, ուստի Թուրքիան կը սպառնայ անոնց եւ  ժամանակ առ ժամանակ կը ներխուժէ անոնց տարածքները ու կը հետապնդէ զինուած ուժերը որպէս ահաբեկիչներ։ Թուրքերը արդէն քանի մը անգամ ներխուժած են այդ շրջանները և գրաւած քիւրտերուն պատկանող տարածքները, հակառակ անոր  քիւրտերը անդրդուելի մնացած են՝ պաշտպանելով իրենց գոյութիւնը։

Թուրքիոյ ներխուժման նոր սպառնալիքը պատահեցաւ  այն ժամանակ, երբ կը մօտենար նախագահական ընտրութիւնները, ուր Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանը իր թեկնածութիւնը յայտարարած է և յաղթելու համար ժողովուրդի մեծ աջակցութեան կարիքն ունի։ Բացի գիւղացիներէն, որոնց աջակցութիւնը կարողացաւ ապահովել կրօնքի միջոցով, ան քաղաքներու մէջ մեծ թիւով աջակիցներ չունի. իր կուսակցութեան թեկնածուներու կորուստը Իսթանպուլի և Անքարայի վերջին քաղաքային ընտրութիւններուն ընդդիմադիր թեկնածուներու առաջ կը փաստէ այդ տեսակէտը։

Հետեւաբար, քիւրտերու դէմ կռուիլը և երկրի անվտանգութիւնն ու միասնութիւնը երաշխաւորող զօրաւոր նախագահի դերը անոր հերոս առաջնորդի կարգավիճակ պիտի տայ եւ ընտրողները իրեն թիկունք  պիտի կանգնին ու ապահովեն անոր յաղթանակը. ուստի այս օրերուն ներխուժման հարցը բարձրացնելը անհրաժեշտութիւն է։

Յայտնի թուրք լրագրող Պուրաք Պեքդիլ (Burak Bekdil) Նոյեմբեր 2022 թ.-ին հրապարակած է սոցհարցումներու (poll) արդիւնքները, որոնք կատարուած են Yöneylem Sosyal Araştırmalar Merkezi) կեդրոնի կողմէ  և հրապարակուած են (GATESTONE INSTITUTE International Policy Council) կայքի վրայ: Ըստ անոնց մասնակիցներու  63%-ը կը կարծեն թէ Թուրքիան «Վատ կերպով կը կառավարուի»։ Իսկ 58,7%-ը պատասխանած են որ պիտի չքուէարկէն Էրտողանի օգտին. իսկ թուրքերու 76,6%ը կը հաւատան որ երկրի հիմնական խնդիրներն են գործազրկութիւնը ու գնաճը (inflation), որովհետեւ ԱՄՆ տոլարի փոխարժէքը լէրայի  նկատմամբ հասած է 18,5 լէրայի։

Միւս կողմէ, մասնակցողներու 33,3%-ը նշած են, որ  պիտի քուէարկէն Էրտողանի օգտին, իսկ  55,6%-ն  պիտի քուէարկէն ընդդիմադիր թեկնածուի օգտին։

Էրտողանի «Արդարութիւն և Զարգացում» կուսակցութիւնը երկրի գլխաւոր կուսակցութիւնն է, անոր կ՚աջակցի Տևլեթ Պահչելիի «Ազգային Շարժում» կուսակցութիւնը. իսկ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, վեց են, ամենամեծը Քեմալ Քըլըչդարօղլուի գլխաւորած Ժողովրդա-Հանրապետական ​​կուսակցութիւնն է, որ Քեմալ Աթաթուրքը հիմնած է եւ ամենահինն է, ապա՝ Մերալ Աքշեների 2017 թ. հիմնադրած կուսակցութիւնը, երրորդը՝ նախկին վարչապետ Ահմեդ Տաւուտօղլուի 2019 թ. հիմնադրած «Ապագայ» կուսակցութիւնը, ետքը Ալի Բաբաջանի 2020 թ. հիմնած  «Ժողովրդավարութիւն և Վերածնունդ» կուսակցութիւնը, Թեմել Քարամոլլաօղլուի «Երջանկութիւն» կուսակցութիւնը և Գյուլթեքին Ույսալի Դեմոկրատական ​​կուսակցութիւնը։

Անոնք մէկ թեկնածու պիտի ունենան։

Թրքական քաղաքական դաշտի այս բարդ պատկերին մէջ կը յայտնուին  քիւրտերը, որոնց մասնակցողներուն 13% կը ներկայացնեն եւ կը թուի թէ անոնք են որ պիտի ըլլան  այն կշիռը, որ թեքելու է ընտրութիւններու հաւասարակշռութիւնը։

Բայց որո՞ւն օգտին։

Քիւրտերը բախումներու երկար պատմութիււն ունին նախագահ Էրտողանի հետ, որ կ՚օգտուի  բոլոր հնարաւորութիւններէն՝ անոնց ճնշելու համար, իսկ Էրտողանը կը մեղադրէ թէ անոնք (PKK)ի անդամներ են կամ համակիրներ։

Ըստ ներկայ տուեալներուն եթէ հիմա ընտրութիւնները տեղի  ունենան Էրտողանը պիտի ապահովէ  ձայներու 29,5%-ը, իսկ անոր դաշնակից Պահչելին 6,4%-ը, այսինքն՝ ընդհանուր ձայներու 35,9%-ը։ Մինչդեռ Էրտողանի մրցակիցը Քըլըչդարօղլուն պիտի ունենայ 29,7%-ը, իսկ Մերալ Աքշեների 13,5%-ը, այդպէսով ընդդիմութիւնը կ՚ունենայ առնուազն ձայներու 43,2%, և այստեղ յայտնի պիտի ըլլայ Քիւրտերու ձայներու կարևորութիւնը, որ լաւագոյն պարագային  Էրտողանի օգտին պիտի չըլլայ. ուստի անհրաժեշտ է ոչնչացնել  քիւրտերուն, տկարացնել անոնց ուժը և հանդէս գալ որպէս ուժեղ ազգային առաջնորդ, որ կարենայ պահպանել Թուրքիոյ միասնութիւնը։

Արդեօ՞ք պիտի յաղթէ Էրտողանը։

Այդ կարելի պիտի ըլլայ  այս կամ այն ​​կեղծիքով, բայց քիւրտերու ցեղասպանութիւնը, անշուշտ պիտի չյաջողի, որովհետեւ 2023 թ., 1915 թ. չէ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment