Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Մասնակցած Է ԱՊՀ Մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներու Ոչ-Պաշտօնական Գագաթաժողովին

Փաշինեան Մասնակցած Է ԱՊՀ Մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներու Ոչ-Պաշտօնական Գագաթաժողովին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սան Փեթերպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին:

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ուզպեքստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոեւը, Թուրքմէնստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Նախ տեղի ունեցած է հանդիպման մասնակիցներու տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը, այնուհետեւ ներկաները ողջունած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԱՊՀ տարածքին համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment