Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանն Ու Թոյվօ Քլաարը Անդրադարձած Են ԵՄ Քաղաքացիական Առաքելութեան Գործունէութեան

Նիկոլ Փաշինեանն Ու Թոյվօ Քլաարը Անդրադարձած Են ԵՄ Քաղաքացիական Առաքելութեան Գործունէութեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին հետ կապուած վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ` ԼՂ հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու  ապահովման վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան առնչուող խնդիրներու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման, տարածաշրջանի փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացին շուրջ:

Կողմերը կարեւորած են ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ եւ անդրադարձած են առաքելութեան գործունէութեան:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է Փրակի մէջ կայացած հանդիպման ձեւաչափին համաձայն հետագայ քննարկումներուն կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment