Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը Անհրաժեշտ Համարած է Հայաստանին Օգնութիւն Ցուցաբերելու Մասին Որոշման Նախագիծի Ստորագրումը

ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը Անհրաժեշտ Համարած է Հայաստանին Օգնութիւն Ցուցաբերելու Մասին Որոշման Նախագիծի Ստորագրումը

by MassisPost

Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու միջոցառումներու մասին ՀԱՊԿ Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշման նախագիծը պէտք է ստորագրել: Այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը` Մոսկուայի մէջ կայացած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի Խորհուրդի համատեղ նիստին:

«Պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարութեամբ Հայաստան ուղարկուած է վերահսկողական առաքելութիւն` ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին եւ շտաբի պետին գլխաւորութեամբ: Այդ աշխատանքին շնորհիւ մշակուած է Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշման նախագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւն ցուցաբերելու համատեղ միջոցառումներու մասին, որ քննարկուած է Անվտանգութեան Խորհուրդի Նոյեմբեր 23-ի նստաշրջանին: ՀԱՊԿ պետութիւններու տարբեր դիրքորոշումներու պատճառով այդ նախագիծը կարելի չեղաւ ընդունիլ:

«Յոյսով եմ, որ որոշակի լրամշակումէ յետոյ կը հասնինք այս որոշման նախագիծի ստորագրման եւ համապատասխան միջոցներու ձեռնարկման: Վստահ եմ, որ այդ անհրաժեշտ է, այդ շարքին՝ Հայաստանի համար», ընդգծած է Զաս:

Զաս ընդգծած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Անոր խօսքով` չնայած ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու անհամապատասխան գնահատականներուն տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, բոլոր պետութիւնները համաձայն են, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստան կը բախի վտանգներու եւ սպառնալիքներու:

«Այդ իսկ պատճառով մշակուած է Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու վեց կէտնոց միջոցառումներու համալիր, որ հաւանութեան արժանացած է բոլոր պետութիւններուն կողմէ, սա միջոցառումներու բաւականին ծանրակշիռ փաթեթ է», պարզաբանած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment