Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 44-Օրեայ Պատերազմէն Յետոյ Մինչ Օրս ՀՀ ԱԱԾ Քննչական Բաժանմունքին Մէջ Պետական Դաւաճանութեան Դէպքերով Քննուած Են 32 Քրէական Վարոյթ․ ԱԱԾ

44-Օրեայ Պատերազմէն Յետոյ Մինչ Օրս ՀՀ ԱԱԾ Քննչական Բաժանմունքին Մէջ Պետական Դաւաճանութեան Դէպքերով Քննուած Են 32 Քրէական Վարոյթ․ ԱԱԾ

by MassisPost

2020 թուականին տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը պետական դաւաճանութեան դէպքերու բացայայտման բազմաթիւ հաղորդագրութիւններ տարածած էր: Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր ԱԱԾ-ն` բացայայտումները հիմնականին մէջ կը վերաբերին օտարերկրեայ հետախուզութեան լրտեսական ցանցին մէջ ներգրաւուած ըլլալուն եւ կ’առնչուին նախկին կամ ներկայ զինուորականներու, որոնք ծառայութեան բերումով հնարաւորութիւն ունեցած են մուտք գործել Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ գտնուող զօրամասեր, բարձրանալ մարտական դիրքեր, ծանօթանալ ռազմական բնագաւառին վերաբերող բազմապիսի փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու, քօղարկուած եղանակով կատարել տեսանկարահանումներ, ճշդել զինտեխնիկայի տեսակներն ու քանակները, զօրամիաւորումներու շարժը, լուսանկարել ռազմական նշանակութեան քարտէզներ, ձեռք բերել այլ տեղեկութիւններ եւ այդպիսիք փոխանցել օտարերկրեայ հետախուզութեան ներկայացուցիչներուն` անոնց դիմաց ստանալով իրենց վարձատրութիւնը:

ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Civic.am-ի գրաւոր հարցման ի պատասխան կը յայտնէ, որ 2020 թուականին տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ մինչ օրս ՀՀ ԱԱԾ Քննչական Բաժանմունքին մէջ պետական դաւաճանութեան դէպքերով քննուած են 32 քրէական վարոյթներ, որոնցշէ 12-ը` 22 անձերու վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած են դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment