Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համընդհանուր Յայտարարագրման Համակարգի Ներդրումը Պիտի Ունենայ Հակափտածութեան Ազդեցութիւն. ՀՀ Վարչապետ

Համընդհանուր Յայտարարագրման Համակարգի Ներդրումը Պիտի Ունենայ Հակափտածութեան Ազդեցութիւն. ՀՀ Վարչապետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են Համընդհանուր յայտարարագրման համակարգի ներդրման վերաբերող հարցեր. կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են փոխվարչապետներ` Մհեր Գրիգորեանը եւ Համբարձում Մաթեւոսեանը, շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարները, Ազգային Ժողովի գլխադասային յանձնաժողովներու նախագահները եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Քննարկուած են Համընդհանուր Յայտարարագրման Համակարգի ներդրման ուղղութեամբ մինչ այժմ իրականացուած քայլերն ու յառաջիկային նախատեսուող ծրագիրները: Մասնաւորապէս, միտքեր փոխանակուած են համակարգի գործունէութեան, յայտարարագրման գործընթացի հնարաւորինս պարզեցման եւ այլ հարցերու շուրջ:

Վարչապետը կարեւորած է վերոնշեալ հիմնարկին ներդրումը եւ ընդգծած է, որ այն պետութեան եւ քաղաքացիի յարաբերութիւններուն մէջ պիտի ունենայ առանցքային նշանակութիւն: Նիկոլ Փաշինեան համոզմունք յայտնած է, որ Համընդհանուր Յայտարարագրման Համակարգի ներդրումը պիտի նպաստէ ոչ միայն թափանցիկութեան ապահովման, մարդկային դրամագլուխի զարգացման, այլ նաեւ պիտի ունենայ էական հակափտածութեան ազդեցութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment