Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Խօսնակը Հայաստանի Հետ Սահմաններու Մասնակի Բացումը Կրկին Կապած Է Հայ-Ատրպէյճանական Գործընթացին Հետ

Էրտողանի Խօսնակը Հայաստանի Հետ Սահմաններու Մասնակի Բացումը Կրկին Կապած Է Հայ-Ատրպէյճանական Գործընթացին Հետ

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ եւ գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալըն թրքական «A Haber» հեռուստաալիքի եթերով պատասխանած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցին:

Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ արդեօ՞ք հայ-թրքական գործընթացը դանդաղած է վերջին շրջանին, ինչին ի պատասխան` Քալըն նախ յիշեցուցած է Փրակի մէջ ՀՀ վարչապետին ու Թուրքիոյ նախագահին հանդիպման մասին, ըսելով.

«Այդ այս գործընթացին ամենակարեւոր հանդիպումներէն մէկն էր, քանի որ դէմ առ դէմ հանդիպման տրուած ցուցումները, մասնաւորապէս` գործընթացը յառաջ տանելու համար անհրաժեշտ տեխնիկական աշխատանքները ամբողջացնելու վերաբերեալ ցուցումները ծայրաստիճան կարեւոր էին: Մեր յատուկ ներկայացուցիչները` դեսպան Քըլըչը եւ իր գործընկեր Ռուբինեանը այս թեմաները կանոնաւոր կերպով կը քննարկեն: Մեր արտաքին գործերու նախարարն ալ իր գործընկերոջ հետ կը շարունակէ  խօսիլ այս թեմային շուրջ: Այս ամսուան սկիզբն ալ սահմանին տեխնիկական պատուիրակութիւններու հանդիպում տեղի ունեցաւ` ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Հայաստանի տարածքին»:

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակին տեղակացմամբ` հանդիպման ժամանակ կամուրջի վերանորոգման, սահմանը բացուելու ժամանակ անցուդարձի վերահսկողութեան, մաքսային վերահսկողութեան եւ նմանատիպ այլ թեմաներու վերաբերեալ տեխնիկական նախապատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատանք տարուած է:

«Երկու կողմն ալ կատարուած են այդ աշխատանքները: Նոյնիսկ մերոնք գացած են հակառակ կողմը միասին հաց կերած են: Այս տեսանկիւնէն հանգիստ կրնանք ըսել, որ դրական գործընթաց կ՛իրականանայ: 3-րդ երկիրներու քաղաքացիներու, դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձերու անցումները թոյլատրելը մօտակայ ժամանակին հնարաւոր իրականացուելիք քայլեր են», ըսած է Թուրքիոյ նախագահին խօսնակը, սակայն կրկին անգամ բոլոր այս քայլերուն իրականացումը կապած է հայ-ատրպէյճանական գործընթացին հետ:

«Հայաստանի հետ այդ գործընթացը իրականացնելով մենք միշտ մէկ բան կ’ըսենք`  կը փափաքինք, որ ամբողջ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար միջավայր ստեղծուի: Անոր համար ալ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ առկայ գործընթացը պէտք է անխափան կերպով յառաջ երթայ», նշած է Քալըն:

Քալընի խօսքով իրենց համար ծայրաստիճան կարեւոր է, որ երկու գործընթացները յառաջ երթան համաժամանակեայ կերպով եւ Ատրպէյճանի հետ համակարգմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment