Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեմքինի Հիմնարկը Կը Սատարէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին` Ցեղասպանութենէն Խուսափելու Համար

Լեմքինի Հիմնարկը Կը Սատարէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին` Ցեղասպանութենէն Խուսափելու Համար

by MassisPost

Ցեղասպանութեան Կանխարգելման Լեմքինի Հիմնարկը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողքին, որ Հոկտեմբերի 30-ին Ստեփանակերտի մէջ յայտնած է ինքնորոշման իր կամքը: Այս մասին Ցեղասպանութեան Կանխարգելման Լեմքինի Հիմնարկը յայտարարութիւն տարածած է` «Ցեղասպանութեան միջոցով «խաղաղութիւն» կամ «բարեկեցութիւն» գոյութիւն չունի» խորագրով:

«Լեմքինի Հիմնարկը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, որ բարձրաձայնած է ինքնորոշման իր կամքին մասին: Ատրպէյճանը յաւակնութիւններ ունի Արցախի նկատմամբ` չնայած այդ տարածքին մէջ հազարամեակներ շարունակ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր եղած են», գրուած է յայտարարութեան կից թուիթըրեան գրառման մէջ:

Հիմնարկը կը յիշեցնէ, որ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւական համակարգի հիմնարար իրաւունքներէն մէկն է, եւ Արցախի ժողովուրդը արժանի է այն բանին, որ միջազգային հանրութիւնը լրջօրէն վերաբերի ինքնորոշման անոնց պահանջներուն:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ հակիրճ կը ներկայացուի Արցախի կարգավիճակի փոփոխութեան պատմութիւնը, Արցախեան երկու պատերազմները եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի Հիմնարկը նաեւ կը շեշտէ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ անտեսէ տարածաշրջանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները, որ «Արեւմտեան Հայաստանի մէջ լիովին ոչնչացուց հայկական ներկայութիւնը», ինչպէս նաեւ «հայերու նկատմամբ ատրպէյճանցի ազգայնականներու անզուսպ ցեղասպանական թշնամանքը»:

«Արեւմտեան աշխարհը եւ յատկապէս ՆԱԹՕ-ն չեն հասկնար, Արցախը «զիջիլը» պիտի նշանակէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան թողտուութիւն` հայերու բռնի տեղահանում եւ հալածանքներ, համատարած ոճրագործութիւններ, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում եւ վերջին տասնամեակներու ընթացքին կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ մարդասիրական ճգնաժամերէն մէկը, այդ շարքին` փախստականներու մեծ հոսք դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Եւ որ կարեւոր է, հաշուի առնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ ցեղասպանութեան ներկայիս կարմիր դրօշները, ինչպէս նաեւ այն, ինչ մենք գիտենք ցեղասպանութեան գործընթացի մասին ընդհանրապէս, աներեւակայելի է, որ Արցախի «զիջումը» վերջ պիտի դնէ հակամարտութիւններուն տարածաշրջանին մէջ, առաւել եւս` պիտի յանգեցնէ «խաղաղութեան» եւ «բարեկեցութեան»», գրուած է յայտարարութեան մէջ::

Լեմքինի Հիմնարկը նաեւ կոչ կ’ընէ ստեղծելու անկախ միջազգային յանձնաժողով, որ պիտի ուսումնասիրէ Արցախի մէջ առկայ խնդիրները արդար արդիւնք եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment