Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Կը ՓորձԷ Հիմքեր Ստեղծել Լաչինի Միջանցքին Նկատմամբ Վերահսկողութիւն Սահմանելու Համար. Մարուքեան

Ատրպէյճանը Կը ՓորձԷ Հիմքեր Ստեղծել Լաչինի Միջանցքին Նկատմամբ Վերահսկողութիւն Սահմանելու Համար. Մարուքեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը փորձէ հիմքեր ստեղծել Լաչինի միջանցքին նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու համար. Պաքուի` Երեւանին ուղղուած հերթական մեղադրանքներուն անդրադառնալով, «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտարարեց Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը նախօրէին յայտնած էր, որ Օգոստոսէն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին` Քելբաջարի եւ Լաչինի հատուածներուն մէջ անցեալ տարի Հայաստանի մէջ արտադրուած ականները յայտնաբերուած են», պնդելով որ այդ ականները կը վկայեն, որ Հայաստանը Լաչինի միջանցքը «օգտագործած է ապօրինի ռազմական գործունէութեան համար»` «կոպտօրէն խախտելով եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտը»:

«Ինչի՞ համար է սա արւում, սա արւում է մէկ բանի համար, որ Լաչինի միջանցքի նկատմամբ փորձեն վերահսկողութիւն սահմանել եւ հիմա այդ, այսպէս կոչուած, սոսն են պատրաստում: Հիմա մենք արձագանգել ենք եւ մեր միջազգային բոլոր գործընկերներին տեղեկացնում ենք, որ այդ ականները հանուել են նշուած վայրերից, այսինքն, Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներից», նշեց Մարուքեան:

Երեւանի հասցէին նոյն մեղադրանքները նաեւ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարի տեղակալը հնչեցուցած էր: Ճէյհուն Շատլինսքին պնդած էր, որ Պաքուն փաստեր ունի «ռուս խաղաղապահներու տեղակայման տարածքներ զէնքի փոխադրման», ինչպէս նաեւ «ռազմական սադրանքներու համար պայմաններու ստեղծման» մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment