Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պէտք Է Հայաստանը Շնորհաւորենք Այս Տարուան Տնտեսական Ցուցանիշերու Առումով. Ասիական Զարգացման Դրամատան Գլխաւոր Տնօրէն

Պէտք Է Հայաստանը Շնորհաւորենք Այս Տարուան Տնտեսական Ցուցանիշերու Առումով. Ասիական Զարգացման Դրամատան Գլխաւոր Տնօրէն

by MassisPost

Ասիական Զարգացման Դրամատան Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ասիոյ հարցով գլխաւոր տնօրէն Եւկենի Ժուքովը կը նկատէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած` դէպի Հայաստան դրամագլուխի, մասնագիտական կարողութիւններու մեծ ներհոսք կայ, իսկ այս տարուան առաջին 10 ամսուան արդիւնքով արձանագրուած տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշի առիթով կը շնորհաւորէ Հայաստանը: Ժուքովը այս մասին ըսաւ  Երեւանի մէջ կայացած ճեպազրոյցին` «Արմենփրես»-ի հարցին ի պատասխան:

Ան նկատեց, որ այս տարուան սկիզբը, երբ Ուքրանիոյ մէջ սկսան ռազմական գործողութիւնները, այնպիսի գործընկերներ, ինչպիսիք են Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը, Համաշխարհային Դրամատունը, Ասիական Զարգացման Դրամատունը, շատ մռայլ կանխատեսումնէր կ’ընէին այս տարուան համաշխարհային տնտեսութեան հետ կապուած: «Բայց տարուան ընթացքին ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ տնտեսական իրավիճակը շատ աւելի լաւ էր, քան կը կանխատեսուէր», նշեց Ասիական Զարգացման Դրամատան Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ասիոյ հարցով գլխաւոր տնօրէնը:

Ժուքով ընդգծեց, որ գուցէ տարօրինակ հնչէ, բայց Հայաստանը եւ դրացի երկիրները որոշակի առումով օգտուեցան Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններէն` նշելով Հայաստանի մէջ դրամագլուխի, ինչպէս նաեւ մասնագիտական կարողութիւններու նշանակալի ներհոսքի, որոշակի ընկերութիւններու` Հայաստան տեղափոխուելու մասին:

Անդրադառնալով դիտարկման, որ հրապարակուած վերջին ցուցանիշերուն համաձայն` Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 10 ամսուան մէջ աճած է 14.5 տոկոսով, Ժուքով ըսաւ. «Հաշուի առնելով այն թիւերը, որ ներկայացուցիք, պէտք է Հայաստանը շնորհաւորենք այս տարուան տնտեսական ցուցանիշերուն առումով: Սակայն «ստորջրեայ» վտանգներ կան: Այս ազդեցութիւնը մշտակա՞ն է, թէ՞ ժամանակաւոր. Կը կարծեմ, թէ որոշ վերլուծաբաններ կրնան փաստարկներ ներկայացնել, որ այս ազդեցութիւնը ընդամէնը մէկանգամեայ կրնայ ըլլալ: Մենք բոլորս կը կարծենք, որ ՀՀ կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ բարեփոխումներու գործընթացը` երաշխաւորելու, որ տնտեսական աճը շարունակուի»:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին` Նոյեմբեր 25-ին հրապարակած ցուցանիշերուն համաձայն` Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2022 թուականի Յունուար-Հոկտեմբերին 14.5 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment