Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսան Մերժած Է Հայաստանին Արտայանձնել Սիւնիքի Նախկին Մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը

Ֆրանսան Մերժած Է Հայաստանին Արտայանձնել Սիւնիքի Նախկին Մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը

by MassisPost

Ֆրանսան մերժած է Հայաստանին արտայանձնել Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը: Գլխաւոր Դատախազութեան ուղղուած «Ազատութեան» հարցման պատասխանէն պարզ կը դառնայ, որ Երեւանը Փարիզէն մերժումը ստացած է մօտ մէկ ամիս առաջ:

Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան միջոցով պատասխանած է, որ դեռ հինգ ամիս առաջ դատական մարմինները բացասական կարծիք յայտնած են Խաչատրեանը արտայանձնելու դիմումին վերաբերեալ: Այս որոշման հիմքով դրուած է Արտայանձնման Եւրոպական Ուխտը, ըստ որուն, «Խաչատրեանի արտայանձնումը անոր համար կրնայ ունենալ բացառիկ ծանր հետեւանքներ»:

Թէ ի՞նչ ծանր հետեւանքներու մասին վկայակոչուած է ֆրանսական դատական մարմիններու եզրակացութեան մէջ, Հայաստանի Դատախազութիւնը չէ մանրամասնած:

«Թրանսփարէնսի Ինթըրնեշընըլ»ի իրաւական հարցերով փորձագէտ Հայկ Մարտիրոսեանի կարծիքով` այս մերժումը կրնայ իր մէջ իրաւականէն բացի նաեւ քաղաքական ենթատեքստ ունենալ:

«Իրենք վտանգներ կը տեսնեն: Դուք նշեցիք, ճի՞շդ է, ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ, իրենք վստահ չեն, որ գործընթացը մաքուր իրաւական է եւ կը տեսնեն քաղաքական ենթատեքստ: Սա գիտէ՞ք նաեւ ինչի արդիւնք է, սա նաեւ արդիւնք է անոր, որ իշխանութեան վարած քաղաքականութեան հետեւանքով թերեւս այլ պետութիւնները կը տեսնեն, որ համակողմանի, համաչափ, հաւասար քաղաքականութիւն չի վարուիր իրական քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ, եւ ամբողջ ուշադրութիւնը եւ ամբողջ ուղենիշը տրուած է նախկին պաշտօնեաներուն վրայ` աչքաթող ընելով գործող պաշտօնեաներու վարքագիծին մէջ դրսեւորումները: Չնայած ըսեմ, որ այդ չի նշանակեր, որ նախկիններուն հետ կապուած իրաւախախտումներ առկայ չեն», ըսաւ Մարտիրոսեան:

Փարիզի վկայակոչած ու 1957 թուականին ընդունուած ուխտին մէջ իրաւական ձեւակերպումներէ բացի կայ նաեւ քաղաքական մաս: 3-րդ յօդուածին մէջ կ’ըսուի, որ յանձնում չ’իրականացուիր, եթէ արտայանձնող կողմը յանցագործութիւնը կը ճանչնայ որպէս քաղաքական յանցագործութիւն կամ քաղաքական յանցագործութեան հետ կապ ունեցող: Կամ ալ` եթէ կողմը ունի բաւարար հիմքեր` համարելու, որ սովորական քրէական յանցագործութեան համար յանձնման վերաբերեալ հարցումը ներկայացուած է անձի ցեղի, կրօնի, ազգութեան կամ քաղաքական կարծիքի հետապնդման եւ պատժման նպատակով:

Հանրապետականի իշխանութեան տարիներուն Սիւնիքի ազդեցիկ մարզպետը, որ յայտնի էր բազմաթիւ քրէական աղմկայարոյց պատմութիւններով, կը հետախուզուի 2019-էն: Հայաստանի մէջ զայն կը մեղադրեն պաշտօնական կեղծիքի, վատնման ու լիազօրութիւնները անցնելու համար: 2020-ին tert.am-ի հետ զրոյցին, հետախուզուող Սուրիկ Խաչատրեան պնդած էր, որ անօրինականութիւններ թոյլ չէ տուած, ըսած է որ բուժում կը ստանայ արտերկրի մէջ, որմէ յետոյ պիտի վերադառնայ Հայաստան:

Գերմանիան Մայրապետեանի նկատմամբ հետախուզման դեռ ընթացք չէ տուած

Եթէ Ֆրանսան մերժած է Խաչատրեանը յանձնել Երեւանին, ապա 2020-էն հետախուզուող գործարար Սամուէլ Մայրապետեանի պարագային հարցը Գերմանիոյ դատական իշխանութիւններուն չէ հասած: Ըստ Դատախազութեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մտերիմ գործարարին նկատմամբ հետախուզման ընթացք չէ տուած Գերմանիոյ Ինթերփոլի ազգային բիւրօն: Թէ ինչու` պատճառները Դատախազութիւնը չէ նշած:

Մայրապետեանը Հայաստանի մէջ կը մեղադրեն նախագահ Քոչարեանին 3 միլիոն տոլար կաշառք տալուն օժանդակելու եւ դրամներու լուացման համար: 2018-ի տարեվերջին կալանքէն 30 միլիոն գրաւով ազատ արձակուած Մայրապետեանը մէկ ամիս անց մեկնած էր Գերմանիա` բուժման ու մինչ օրս չէ վերադարձած: Ան եւս մեղադրանքը չ’ընդունիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment