Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Չենք Կրնար Թուրքիոյ Վստահիլ Ամերիկեան Ռազմական Տեխնիկան. Ֆրենք Փալոն

Մենք Չենք Կրնար Թուրքիոյ Վստահիլ Ամերիկեան Ռազմական Տեխնիկան. Ֆրենք Փալոն

by MassisPost

Ամերիկեան «F-16» կործանիչները պէտք չէ վաճառուին Թուրքիոյ: Այս մասին յայտնած է ամերիկացի գոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը` դատապարտելով թրքական զինուժի հարուածները Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային հատուածներուն:

«Էրտողանը ռմբակոծած է քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ, այդ շարքին` հիւանդանոց: Ահա եւս մէկ պատճառ,  որ ես կ’աշխատիմ արգելափակել «F-16» կործանիչներու վաճառքը Թուրքիոյ: Էրտողանի յարձակման օրինակները ցոյց կու տան, որ մենք չենք կրնար անոր վստահիլ ամերիկեան ռազմական տեխնիկան», Թուիթըրի իր էջով գրած է Փալոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment