Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի Մէջ Ռուսական Կեդրոն Բացուած Է. Ներկայ Եղած Է Արցախի Նախագահը

Ստեփանակերտի Մէջ Ռուսական Կեդրոն Բացուած Է. Ներկայ Եղած Է Արցախի Նախագահը

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 19-ին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Արցախի իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ եւ  «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ,  բարերար  Գագիկ Ծառուկեանի  հովանաւորութեամբ հիմնադրուած Ռուսական կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Կը նշուի, որ կառոյցին գործունէութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ  ռուսաց լեզուի,  ռուսական մշակոյթի եւ պատմութեան զանգուածականացման, կրթութեան ոլորտին մէջ երկխօսութեան եւ սերտ  համագործակցութեան զարգացման: Առկայ հարուստ գրքային ֆոնտին շնորհիւ մատաղ սերունդը  հնարաւորութիւն պիտի ունենայ նաեւ  ուսումնասիրելու ռուս գրողներու ստեղծագործութիւնները:

Արցախի նախագահը կարեւորած է նման հաստատութիւններու գործունէութիւնը մշակոյթի եւ կրթութեան ոլորտին մէջ հայ-ռուսական կապերու հետագայ զարգացման տեսանկիւնէն:

«Ռուսական կեդրոնների բացումը հանդիսանում է հայ եւ ռուս ժողովուրդների բազմադարեայ բարեկամութեան եւս մէկ ակնառու ապացոյց, եւ մեր սերտ համագործակցութեան վառ օրինակ:  Արցախում միշտ յատուկ ուշադրութիւն է դարձուել ռուսաց լեզուի ուսումնասիրութեանը, իսկ կեդրոնի բացումն  առաւել  քան պահանջուած է  ներկայ պայմաններում», նշած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

Նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը ընդգծող խօսքով հանդէս եկած են նաեւ հանրային գործիչներ, որոնք համոզմունք յայտնա են, որ կեդրոնը պիտի դառնայ կարեւոր մշակութային եւ կրթական օճախ բոլոր արցախցիներուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment