Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հակառակ Զինադադարին, Ատրպէյճան Վերջ Չէ Դրած ՀՀ Տարածքներուն Նկատմամբ Իր Նկրտումներուն․ Փաշինեան

Հակառակ Զինադադարին, Ատրպէյճան Վերջ Չէ Դրած ՀՀ Տարածքներուն Նկատմամբ Իր Նկրտումներուն․ Փաշինեան

Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է Միշէլի եւ Թրիւտոյի հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Թունուզի մէջ, Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան գագաթաժողովին, իր ելոյթին ժամանակ խօսած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքներու բռնագրաւման մասին, շեշտած է որ Պաքուն խախտած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքները, մասնաւորապէս, որեւէ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուժ չկիրառելու սկզբունքը:

«Ատրպէյճանի կողմից գործադրուած յարձակումը, որի զոհը դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սեպտեմբերի 13-14-ին, այս իրողութեան վառ դրսեւորումն է: Ատրպէյճանի` ոչնչով չարդարացուած եւ չհրահրուած յարձակումը յանգեցրել է Հայաստանի տարածքների մի մասի բռնագրաւման` մահ եւ տառապանք պատճառելով քաղաքացիական բնակչութեանն ու հասցնելով զգալի աւերածութիւններ», ըսած է Փաշինեան:

Սեպտեմբերեան մարտերու ընթացքին հայկական կողմը 200-էն աւելի զոհ ունեցաւ, վերջին տուեալներով` 16 զինուոր դեռ անհետ կորսուած կը համարուի: Հարուածներ հասցուեցան Ջերմուկին ու 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ սահմանամերձ դարձած Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի շարք մը բնակավայրերու: Միջազգային ամպիոնէն Փաշինեան յայտարարած է, որ չնայած հաստատուած զինադադարին, Ատրպէյճանը վերջ չէ դրած Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ իր նկրտումներուն:

«Առերեսուելով նոր սպառնալիքներին` մենք ակնկալում ենք, որ միջազգային հանրութիւնն արդար գնահատական կը տայ այսօր մեր երկրում տիրող իրավիճակին` դատապարտելով հայկական տարածքի որոշ հատուածների բռնագրաւումը եւ պահանջելով ատրպէյճանական ուժերի վերադարձը նախկին դիրքեր», յայտպած է Հայաստանի վարչապետը:

Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացին ու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

«Հայաստանն իր հերթին հաստատակամօրէն յանձնառու է նպաստել Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու պայմանագրի գործընթացին, ինչպէս նաեւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», շեշտած է վարչապետը:

Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է Միշէլի եւ Թրիւտոյի հետ

54 մշտական անդամ ունեցող Ֆրանքոֆոնի Միջազգային Կազմակերպութեան գագաթաժողովին մասնակցելու համար Թունուզ ժամանած էին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն եւ ֆրանսախօս միւս պետութիւններու առաջնորդները:

Փաշինեան հանդիպած է իր ու Ալիեւի բանակցութիւնները Պրիւքսէլի մէջ քանի մը անգամ կազմակերպած Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ: Ըստ կառավարութեան հաղորագրութեան, վարչապետը շեշտած է ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքներու վերացման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու անյապաղ դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը:

Ատրպէյճանական յարձակման անդրադարձ եղած է նաեւ Փաշինեան-Թրիւտօ հանդիպման ընթացքին:

Գանատայի վարչապետը գագաթաժողովին ընդառաջ Թուիթըրի մէջ գրած էր, որ միւս առաջնորդներուն հետ իր հանդիպումներու ընթացքին ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերէն բացի պիտի քննարկէ նաեւ Ռուսիոյ պատերազմին հետեւանքները սնունդի եւ ուժանիւթային անվտանգութեան վրայ:

Վարչապետ Փաշինեան հանդիպած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Կողմերը կարեւորած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու իրականացումը, միտքեր փոխանակած են Հոկտեմբերին Փրակի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment