Անցեալ շաբաթավերջին Նոյեմբեր11-13, Հարաւային Գալիֆորնիոյ Պըրպէնք քաղաքի Ուըտպըրի համալսարանի նիստերու դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը, նուիրուած Արցախի այժմէական հարցերուն «Լեռնային Ղարաբաղ. Այսօր եւ Վաղը» (Nagorno-Karabakh:Today and Tomorrow) շահեկան նիւթին շուրջ:
Սոյն գիտաժողովը` կազմակերպուած էր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի, Արցախի Ժառանգութեան Կոմիտէի եւ կարգ մը համալսարաններու համագործակցութեամբ: Միջազգային գիտաժողովի ընթացքին զեկոյցներ կարդացին Հայաստանի, Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի համալսարաններու դասախօսներ ընկերաբաններ, պատմաբաններ, գիտնականներ ու տարբեր բնագաւառներու տասնեակ մը մասնագէտներ: Անոնք` առաւելաբար շեշտեցին Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու բռնաբարումը, ճարտարապետական եւ մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը: Այլ խօսքով «Արցախը ներկայիս կարմիր գիծի վրայ է…: Պատճառն այն է որ ան չի կրնար գոյատեւել Ատրպէյճանի հովանիին ներքեւ»: Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի անվրդով կերպով, նպատակ ունենալով կեանքը անտանելի դարձնել տեղացիներուն: Իրապաշտ ըլլալու համար ՚անհրաժեշտ են բանակցութիւններն ու շինիչ երկխօսութիւններըՙ եզրակացուցին կարգ մը դասախօսները:
Միջոցառոմի աւարտական բաժնին ներկայ էին Լոս Անճելոսի Հայաստանի Հանրապետութաեն Հիւպատոսարանի պատասխանատուներ, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան. ինչպէս նաեւ լրագրողներ եւ հիւրեր:
Իր փակման խօսքին մէջ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով, իր խորին շնորհակալութիւնն ու գնահատութիւնը յայտնեց երկօրեայ գիտաժողովի բոլոր դասախօսներուն, որոնք իրենց մասնագիտական հետազօտութիւններով ու վերլուծումներով, վերարժեւորեցին Արցախի հիմնահարցի կենսական ոլորտներն ու տեղաբնակ ժողովուրդի արդար պահանջները:
Աւարտին` ելոյթ ունեցաւ առաջնորդարանի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան գեղարուեստական խումբը, ղեկավարութեամբ Տիկին Սիլվա Քաւուքճեանի:
Կիրակի, Նոյեմբերի 13ին, Սրբոց Ղեւոնդեաց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պատարագ եւ հոգեհանգիստ Արցախի նահատակ զինուորներուն ու աղօթք Արցախի վերածնունդին համար: Պատարագիչն էր գիտաժողովին մասնակցող Ս. Էջմիածնի միաբան Հոգշ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան: