Գերմանիոյ մէջ քննարկումներու թեմա դարձած է ցեղասպանութեան եւ պատերազմական յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնելու հարցը: Իրաւաբաններու դիտարկմամբ` կրնան պատժուիլ նաեւ անոնք, որոնք կը հերքեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան, Ազատ Դեմոկրատական Կուսակցութեան եւ Կանաչներու Կուսակցութեան կողմէ ստեղծուած դաշնակցային կառավարութիւնը օրէնքի նախագիծը ներեկայացուցած է Պունտեսթակի (խորհրդարան) քննարկման եւ քուէարկման: Թէեւ ընդդիմադիր Ձախ եւ Այլընտրանք Գերմանիոյ Համար (AfD) կուսակցութիւնները դէմ քուէարկած են, այդուհանդերձ օրինագիծը ընդունուած է 514 պատգամաւորի «կողմ» քուէարկութեամբ:
Գերմանիոյ քրէական օրէնսգիրքի 130-րդ յօդուածին մէջ կատարուած յիշեալ օրէնսդրական փոփոխութիւնը կը նախատեսէ բանտարկութիւն (մինչեւ 3 տարի) կամ տուգանք բոլոր անոնց համար, ովքերրոնք ատելութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրեն` ժխտելով ցեղասպանութիւնն ու պատերազմական յանցագործութիւնները:
Ըստ այդմ` պիտի պատժուին ոչ միայն Գերմանիոյ մէջ Հոլոքոսթը ժխտողները, այլեւ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ ցեղասպանութիւններն ու պատերազմական յանցագործութիւնները ժխտողները, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները հերքողները:
Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ անհանգստացած եւ տարակուսած են, թէ արդեօք օրէնքի վերոյիշեալ փոփոխութիւնը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման: Օրէնքի փոփոխութեան կողմնակից Գերմանիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը իր կայքին մէջ հրապարակած տեղեկատուական բնագրին մէջ որոշ պարզաբանումներ տուած է: Նշուած է, որ եթէ դատարանները չեն կրցած հաստատել տուեալ ցեղասպանութեան կամ ռազմական յանցագործութեան փաստը, ապա այդ պարագային օրէնքի նախատեսած պատիժը չի տարածուիր ենթադրեալ յանցագործութիւնը ժխտողին վրայ:
«Բայց որոշ պարագաներու պատմական փաստերը կրնան հանրայայտ ըլլալ, եւ այդ պարագաներուն դատարանը ապացոյցներ հաւաքելու կարիք չունի», կը պարզաբանէ Գերմանիոյ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ մէջ 2016 թուականի Յունիս 2-ին Պունտեսթակը բանաձեւ ընդունած էր, ըստ որուն` 1915-1916 թուականներու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերու տեղահանութիւնն ու ջարդերը ճանչցուած են որպէս ցեղասպանութիւն: