Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Կողմերուն Կոչ Կ’ընէ Մեղմելու Հռետորաբանութիւնը Եւ Խուսափելու Լարուածութեան Մագլցումէն

ԵՄ-ն Կողմերուն Կոչ Կ’ընէ Մեղմելու Հռետորաբանութիւնը Եւ Խուսափելու Լարուածութեան Մագլցումէն

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ըրած է «շրջելու թշնամանքի էջը եւ շարունակելու հաշտեցման ուղղութեամբ ջանքերը` կանխելու համար հետագայ աւելորդ մարդկային զոհերն ու վնասները»:

«ԵՄ-ն կ’ողջունէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ ձեռնարկուած բազմաթիւ քայլերը տարաձայնութիւնները յաղթահարելու եւ տարածաշրջանին մէջ ամուր ու կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: ԵՄ-ն բարձր կը գնահատէ անոնց մշտական մասնակցութիւնը տարբեր մակարդակներով եւ տարբեր ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններուն», կ’ըսուի Եւրոպական Արտաքին Քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ:

«Չնայած այդ բանակցութիւնները անկասկած բարդ են եւ ժամանակ կը պահանջեն, չափազանց կարեւոր է չկորսնցնել խթանը, համաձայնութեան գալ յստակ առաջքայլերու շուրջ եւ ապահովել անվտանգ, յուսալի եւ բարեկեցիկ միջավայր` ի շահ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան», կ’ըսուի Եւրոպական Արտաքին Քաղաքական Ծառայութեան փաստաթուղթին մէջ, որ հրապարակուած է Պրիւքսէլի մէջ 44-օրեայ պատերազմի աւարտի երկրորդ տարուան առիթով:

ԵՄ-ն կողմերուն կոչ կ’ընէ մեղմելու իրենց հռետորաբանութիւնը եւ խուսափելու լարուածութեան որեւէ աւելորդ մագլցողութենէն, այդ շարքին` ձեռնպահ մնալու միմեանց սպառնալէ եւ մեղադրելէ, ինչպէս նաեւ ռազմական սադրանքներէ եւ գործողութիւններէ:

ԵՄ-ն կը խոստանայ շարունակել աշխուժօրէն արձագանգել երկու կողմերու ցանկութիւններուն եւ աջակցիլ անոնց բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ եւ արդարացի կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment