Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Կը Վերադառնան Ազգային Ժողով. Պիտի Մասնակցին Յառաջիկայ Նիստերուն

Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Կը Վերադառնան Ազգային Ժողով. Պիտի Մասնակցին Յառաջիկայ Նիստերուն

by MassisPost

Ընդդիմադիր պատգամաւորները պիտի մասնակցին յաջորդ շաբաթ մեկնարկող Ազգային Ժողով հերթական նիստերուն: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ կատարած գրառման միջոցով տեղեկացուցած է «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը:

«Եկող շաբաթուայ ԱԺ նիստերին մենք մասնակցելու ենք», նշած է Թովմասեանը:

Պատգամաւորը յաւելած է, որ Ազգային Ժողովի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը, սակայն, չի նշանակեր, թէ գործող իշխանութեան դէմ պայքարը պիտի չշարունակուի: Փողոցը, այլ ձեւաչափի պայքարի միջոցներ ընդդիմադիր պատգամաւորները պիտի կիրառեն, բայց այս պահուն պիտի ըլլան նաեւ խորհրդարանին մէջ:

«Մենք խորհրդարանական լծակները մինչ այս ծառայեցրել ենք որպէս բացառապէս պայքարի գործիք եւ մենք այդ գործիքը պատրաստւում ենք ամբողջապէս օգտագործել: Մեր դիրքորոշման մէջ ոչինչ չի փոխուել:

Ես եւս մէկ անգամ վերահաստատում եմ, որ մեր ձեռքի տակ եղած ամբողջ գործիքակազմն օգտագործելու ենք այս իշխանութիւնների հեռացման համարէ», նշած է Թովմասեան:

Պատգամաւորը համոզմունք յայտնած է, որ Ազգային Ժողովին մէջ ըլլալը եւ փողոցային պայքարը միմեանց չբացառող գործընթացներ են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment