ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ամէն տարի Նոյեմբեր 11-ին կը տօնեն Վեթերաններու Օրը, օր մը, որ կ’ոգեկոչէ յիշատակը այն բոլորին, որոնք իրենց կեանքը զոհած են իրենց հայրենիքին համար. օր մը, որ յարգանքի տուրք կ’ընծայէ ապրող այն բոլոր վեթերաններուն, որոնք վերապրողներ են պատերազմներու արհաւիրքին:
Եւրոպական երկիրներ, ինչպէս Անգլիա եւ Ֆրանսա, նոյն օրը, Նոյեմբեր 11-ը, կը տօնեն որպէս Զինադադարի Օր՝՝ յիշատակելու համար Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութիւնը, զինադադարը, որ տեղի ունէցաւ Նոյեմբեր 11, 1918 թուականին:
1919-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրոյ Ուիլսըն՝ Նոյեմբեր 11-ը հռչակեց որպէս Զինադադարի Օր՝ յիշեցնելու համայն ամերիկացի ժողովուրդին պատերազմի ողբերգութիւնը: 1954-ին, Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը՝ Զինադադարի Օրը փոխեց «Վեթերաններու Օր»-ուան՝ ի յարգանս Ամերիկայի բոլոր վեթերաններուն, զինեալ ոյժերու մէջ ծառայող արանց եւ կանանց:
Վեթերաններու Օր-ուան առթիւ երբ կը մտածենք ամերիկացի բոլոր վեթերաններու մասին, չենք կրնար, որպէս հայ, չմտածել նաեւ այն բոլոր հայազգի վեթերաններու մասին, որ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց «երկրորդ Հայրենիք» եղող Ամերիկայի համար:
Բայց աւելին, որպէս հայ, Վեթերաններու օրուան առթիւ, չենք կրնար չյիշել մեր Հայրենիքի, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Արցախի վեթերանները, որոնք, ինչպէս երէկ, այսօր ալ իրենց կեանքը ողջակէզի սեղանին վրայ դնելու պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերեն: Իրօք ի՞նչ սրտառուչ երեւոյթ է երբ մարդ մը իդ հայրենիքին համար յօժարակամ է ոչ միայն իր ժամանակը, իր տաղանդը, իր օյժերը նուիրելու, այլ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու:
Վեթերաններու Օրը նաեւ պատգամ մը ունի մեզի այն իմաստով որ մենք ալ կոչուած ենք վերարտադրելու, պահելու եւ պահպանելու անշահախնդիր հայրենասէր վեթերաններուն ոգին: Վեթերանները այն նուիրեալ անձերն են, որոնք իրենց հայրենիքին ազատութեան համար զոհած եւ զոհուած են, տուած ու տրուած են: Ամէն քաղաքացիի առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնն է ընել իր լաւագոյնը այդ վսեմ իտէալին համար: Ամէն քաղաքացի, զինեալ ոյժերու մէջ ըլլայ թէ ոչ, բարոյական պարտաւորութիւնն ունի պահպանելու եւ պաշտպանելու իր հայրենիքին ազատութիւնը: Ազատութիւնը անքակտելիօրէն զօդուած է հաւատարմութեան հետ: Քաղաքական ազատութիւնը ոչ միայն առանձնաշնորհում է եւ իրաւունք է, այլ նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն:
Ոչ մէկ ռամկավար պետութիւն (դեմոկրասի) կրնան ապրիլ, մեծնալ եւ ուռճանալ առանց իր քաղաքացիներու հաւատարմութեան: Թերեւս ասիկա ի միտի ունենալով էր, որ Ամերիկացի մեծանուն նախագահ Ճան Քենետին առիթով մը ըսաւ, «Մի’ հարցներ թէ հայրենիքը ի’նչ կրնայ ընել քեզի համար, այլ հարց տուր թէ դո’ւն ի’նչ կրնաս ընել հայրենիքին համար:»: Ահա այս հոգեբանութիւնն է որ կը կերտէ ու կը պահէ ժողովրդավար սկզբունքներով կառավարուող հաւատարմութիւն մը:
Ասիկա ճշմարիտ է ե’ւ Ամերիկայի հանմար ե’ւ Հայաստանի համար, ե’ւ որեւէ դեմոկրասիի համար: Երկրի մը քաղաքացիները պէտք է իրազեկ ըլլան իրենց իրաւունքներուն, բայց նաեւ գիտակցելու են այն պատասխանատուութիւններուն, որ կ’ակնկալուի լիիրաւ քաղաքացիէ մը: Երկրի մը քաղաքացիները իրենք զիրենք նուիրելու են հայրենիքին շահերը պաշտպանելու արտաքուստ թշնամիներէ, միայնգամայն նաեւ պահպանելու իւրաքանչիւր քաղաքացիի անհատական իրաւունքները:
Իւրաքանչիւր սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը իր հայրենիքի նկատմամբ: Այդ սերունդի ամէն մի անդամը գիտակցելու է թէ հայրենիքին ծառայել, հայրենիքի պահպանումին եւ վերելքին սատարելը ե’ւ փառք է ե’ւ պարտք է:
Ռուս գրագէտ Թուրկենեւ սովոր էր ըսելու, «Հայրենիքը կրնայ ըլլալ առանց մեզմէ որեւէ մէկուն, բայց մենք չենք կրնար ըլլալ առանց հայրենիքի»: Ամէն քաղաքացի, ամէն հայ ունենալու է կեանքի այս փիլիսոփայութիւնը:
Վեթերաններու Օր-ը նաեւ կը պատգամէ մեզի, որ մեր հայեացքը միայն անցեալին չսեւերենք, այլ նաեւ ապագային, քանի որ ապագան կերտողները մենք պիտի ըլլանք՝ ներկայի մեր տեսիլքով եւ ջանքերով: Վաղուան հունձքը այսօրուան սերմանումէն կախեալ է:
Արդ, որպէս հայ եւ որպէս ամերիկահայ հարց տալու ենք մենք մեզի թէ ի՞նչ տեսակ բարոյական ժառանգութիւն պիտի թողունք յետնորդ սերունդներուն: Արդեօք, ազատութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը պիտի կրնա՞նք դրոշմել ապագայ սերունդի պատկանող անդամներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Վեթերաններու Օր-ը առիթ մը կ’ընծայէ մեզի ոչ միայն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու՝ հայրենիքին եւ մեր «երկրորդ հայրենիք»ին համար զոհուող բոլոր վեթերաններուն, այլ նաեւ ուխտել թէ մենք ապրողներս ալ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք մեր հայրենիքին եւ «երկրորդ հայրենիք»ին ֆիզիքական ապահովութեան եւ վերելքին համար: