Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Արդիական Զինատեսակներու Որոնումին Մէջ

Հայաստան Արդիական Զինատեսակներու Որոնումին Մէջ

by MassisPost

Սեպտեմբերեան պատերազմէն ու ատրպէյճանական բանկի Հայաստանի  ինքնիշխան տարածք ներխուժումէն ետք« առաւել հրատապ դարձաւ հայկական բանակը արդիական զինատեսակներով օժտելու հարցը: Պատերազմէն անմիջապէս յետոյ, Ազգային Ժողովէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց որ, Հայաստան միլիոնաւոր տոլարներ արդէն իսկ վճարած է նոր զինատեսակներ ապահովելու համար, սակայն անոնց մատակարարումը չէ իրականացած: Յստակ էր թէ, խօսքը ուղղուած էր Ռուսաստանին, որ մինչեւ օրս կը մնայ Հայաստանի զինամթերքի գլխաւոր« չըսելու համար միակ աղբիւրը:

Այսօրուայ դրութեամբ, ցանկութեան պարագային իսկ, Ռուսաստան դժուար թէ կարողանայ բաւարարել Հայաստանի պահանջները: Ուքրանիոյ պատերազմի կանխատեսուածէն աւելի երկար տեւելուն պատճառաւ, Ռուսաստանը` ի՞նքը զէնքի ու զինամթերքի անբաւարարութեան առջեւ  կը գտնուի ու ստիպուած կը դիմէ այլ երկիրներու, ինչպէս  Իրանին եւ Հիւսիսային Քորէային, անոնցմէ զէնք գնելու համար:

Վարչապետի Խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթէն ետք, հնդկական մամուլին մէջ սկսան լոյս տեսնել յօդուածներ« որոնց համաձայն Երեւան 250 միլիոն տոլարի զինատեսակներ ապահոված է Հնդկաստանէն: Իսկ վերջերս, երբ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելեց Հնդկաստան ու ներկայ գտնուեցաւ ռազմական իրերու ցուցահանդէսին, այդ երկրի հրթիռներու արտադրութեամբ զբաղող մեծ ընկերութիւններէն մէկուն ղեկավարը յայտարարեց որ, Հայաստանը համազարկային հրթիռներու  «Pinaka» կոչուող համակարգերու երեք տեսակ պատուիրած է, որոնք Տելհիէն Երեւան պէտք է տեղափոխուին յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին:

Հնդկական աղբիւրները կը խօսին նաեւ այն մասին, որ Երեւան հետաքրքրուած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով (ԱԹՍ):

Վերջին օրերուն Հայկական մամուլին մէջ երեւցան նաեւ հրապարակումներ, որոնց համաձայն Իրան պատրաստ է Հայաստանին վաճառել իր արտադրած ԱԹՍ-ները, որոնք, ըստ Միացեալ Նահանգներու պնդումներուն, վերջերս սկսած են օգտագործուիլ Ուքրանիոյ պատերազմի ընթացքին: Իրանեան ԱԹՍ-ները մէկ անգամ օգտագործման համար են: Թիրախին հարուածելէ ետք, անոնք կը փճանան եւ անոր համար ալ կը կոչուին «քամաքազի», այսինքն ինքնասպանական ԱԹՍ-ներ:

Իրանէն զինատեսակ գնելու հարցը Հայաստանի համար կրնայ դառնալ խնդրայարոյց: Միացեալ Նահանգները վստահաբար լաւ աչքով պիտի չնայի նման գործարքներուն, նկատի առնելով Իրանի դէմ հաստատուած խիստ պատժամիջոցները: Մինչեւ օրս, Արեւմուտքը  չէ առարկած Երեւանի եւ Թեհրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական կապերուն, նկատի ունենալով Հայաստանի աշխարհագրական կացութիւնը, երբ ան կը գտնուի դրացի երկիրներուն կողմէ շրջափակման մէջ: Սակայն, տնտեսական կապերէն ռազմական գործակցութեան անցումը Արեւմուտքի կողմէ հաւանաբար արժանանայ հակազդեցութեան:

Ոմանք յոյս ունին, որ կարելի է զէնք ապահովել նաեւ Ամերիկայէն ու Եւրոպայէն: Սակայն« այս պարագան քիչ հաւանական կը թուի« նկատի ունենալով որ, Հայաստան մաս կը կազէ ՆԱԹՕ-ի հակառակորդ` ՀԱՊԿ-ի ռազմական դաշինքին եւ իր տարածքին վրայ կայ ռուսական ռազմակայան:

Մինչեւ օրս, Հայաստան պաշտօնապէս ո՛չ կը հաստատէ եւ ոչ ալ կը հերքէ պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերող հրապարակումները: Սակայն յստակ է որ, Երեւան այլեւս կաշկանդուած չզգար մէկ աղբիւրէ զէնք գնելու եւ ոչ ալ ռազմավարական դաշնակիցը վշտացնելու հարցով: Ներկայիս, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն է որ վտանգուած է ու հարցական տակ դրուած անոր անկախութիւնը: Նման պայմաններուն տակ ժամանակ չկայ յապաղելու եւ կամ այլոց դիւրազգացութիւնները նկատի առնելու:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքի պարզուած երեւոյթները եկան ցոյց տալու որ, երկար տարիներ Հայկական բանակը մատնուած է անտեսումի: Այն ժամանակ երբ թշնամի երկիրը միլիարաւոր տոլարներ ծախսած  է իր բանակը ուժեղացնելու համար, Հայաստան նոյն նպատակին համար ծախսած է համեմատաբար շատ փոքր գումար, իսկ անոնց մէկ մասը վատնուած է փտածութեան ու կաշառակերութեան պատճառաւ: Այսպիսով, խախտուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակներուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը, որ գոյութիւն ունեցած է մինչեւ 2000 թուականը: Անկէ ետք Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը տասնապատիկ աւելցած են« իսկ Հայաստանինը մնացած է նոյն տեղը:

Կառավարութիւնը այժմ կը փորձէ վերականգնել իրավիճակը: 2023 տարու պիւտճէով պաշտպանութեան ոլորտի յատկացումները աւելցած են 400 միլիոն տոլարով, հասնելու համար 1.2 միլիար տոլարի, որ աննախընթաց է անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ:

Ներկայիս Հայաստան կը գտնուի արդիական զինատեսակներու որոնումին մէջ ու կը փորձէ մատակարարման այլընտրանքային աղբիւրներ գտնել` սեղմ ժամանակուայ ընթացքին: Այս գործընթացը սակայն կը կարօտի տարիներու, իսկ Հայաստանի համար այդ ժամանակը բաւականին սուղ է իսկ ճանապարհը վտանգներով լի:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment