Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատը Արդարացուած Է․ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Ըսելը Յանցագործութիւն Չէ

Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատը Արդարացուած Է․ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Ըսելը Յանցագործութիւն Չէ

by MassisPost

1915-ին տեղի ունեցածը Հայոց Ցեղասպանութիւն անուանելու համար Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատի վարչակազմին դէմ յարուցուած քրէական գործը աւարտած է արդարացման վճիռով: Այս մասին կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Փաստաբան Նուրճան Քայեան յայտնելած է, որ Տիարպեքիրի 11-րդ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ կայացած նիստին ընդունուած է արդարացման որոշում: Փաստաբանը մասնաւորապէս նշած է․ «Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Միութեան 2018-2020 թուականներու վարչակազմին դէմ 1915-ը ցեղասպանութիւն անուանելու համար բացուած գործի դատական նիստին ենք: Պալատի նախկին նախագահ Ճիհան Այտընը կը պատմէ, թէ ինչեր կատարուած են Տիարբպեքիրի մէջ 1915 թուականին: Այսինքն կ’ըսէ, որ այն, ինչ որ ցեղասպանութիւն է, ցեղասպանութիւն ալ կ’անուանենք եւ մեր խնդիրը առերեսումն է ու ճշմարտութեան կոչը:

Դատախազը արդարացում պահանջեց` պատճառաբանելով, որ իր կարծիքով յանցագործութեան տարր եւ յանցագործութիւն կատարելու (պետութիւնը հրապարակաւ նուաստացնելու) մտադրութիւն չէ եղած: Այսպիսով յանցակազմի բացակայութեան հիմքով կայացուած է արդարացման որոշում»:

Յիշեցնենք, որ նշեալ գործը յարուցուած էր Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածի յատկանիշերով: Անոր համար պատճառ ծառայած է Պալատի պաշտօնական կայքին մէջ տեղ գտած երկու առանձին յայտարարութիւն․ 2019 թուականի Ապրիլ 24-ին «1915․․․!» վերնագրով հրապարակուած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ 2019 թուականի Դեկտեմբեր 2-ին «Չենք վախնար եւ պիտի չլռենք» վերնագրով յայտարարութիւնը:

Վերջինս հրապարակուած է որպէս արձագանգ Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատի 2017-2018 թուականներու վարչակազմին դէմ կրկին Ապրիլ 24-ին կատարուած յայտարարութեան պատճառով յարուցուած նոյնաբովանդակ գործին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment