Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ` ՍԴՀԿ 22-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ` ՍԴՀԿ 22-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 24‒27, քաղաքամայր Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 22-րդ Համագումարը, որ կը զուգադիպէր Կուսակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին: Աշխարհի 14 երկիրներու եւ Հայաստանի կուսակցական միաւորները ներկայացնող աւելի քան 70 պատգամաւորները քննարկեցին հայ ժողովուրդին առջեւ ներկայիս ծառացած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Կուսակցութեան ներքին կեանքին առնչուող հարցերը:

Ժողովականները առաջին հերթին դատապարտեցին Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները Հայաստանի սահմաններէն ներս, միաժամանակ գոհունակութիւն յայտնելով հայոց բանակին ցուցաբերած դիմադրութեան՝ ի գին մեծ զոհողութիւններու:

Քննարկումներուն որպէս արդիւնք՝ որդեգրուեցան տասնեակէ մը աւելի բանաձեւեր՝ յստակացնելով Կուսակցութեան դիրքորոշումները հայ ժողովուրդը յուզող տարբեր հարցերու շուրջ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ
Համագումարը արձանագրեց, որ ժողովրդավարութեան ամրապնդման գործընթացին մէջ Հայաստան արդէն իսկ արձանագրած է լուրջ ձեռքբերումներ՝ արժանանալով միջազգային ընտանիքի բարձր գնահատականին ու նեցուկին: Համագումարը գտաւ, որ ամէն գնով պէտք է պայքարիլ, որ այդ գործընթացը յետընթաց չարձանագրէ:

Համագումարը դրական գնահատեց նաեւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած տնտեսական բարեփոխումները, մենաշնորհներու վերացումը, փտածութեան դէմ պայքարը, նոր աշխատատեղերու ստեղծումը եւ կարիքաւոր խաւերուն յատկացուող նպաստներու բարձրացումը, որոնց հանրագումարը պիտի նպաստէ արտագաղթի դանդաղեցման եւ ապագան Հայաստանի հողին վրայ տեսնելու ձգտումներուն:

Համագումարը կարեւորեց նաեւ Հայաստանի դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը եւ մտահոգութիւն յայտնեց անոնց դանդաղ ընթացքին վերաբերեալ:

Համագումարը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց երկրին ներքին քաղաքական կեանքը լարուած պահելու փորձերուն կապակցութեամբ եւ գտաւ, որ Հայրենիքին դիմագրաւած լրջագոյն եւ ճակատագրական մարտահրաւէրները կարելի է յաղթահարել բացառապէս միասնական ջանքերով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Համագումարը ողջունելի գտաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ կարեւոր նկատեց այդ յարաբերութիւններուն առաւել ամրապնդումը այն բոլոր պետութիւններուն հետ, որոնք կը սատարեն Հայաստանի անկախութեան, կը նպաստեն ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ պատրաստ են թիկունք կանգնելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան:

Համագումարը կոչ ըրաւ դաշնակից պետութիւններուն եւ կառոյցներուն յանձնառու ըլլալ Հայաստանի անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեանը ուղղուած իրենց պարտաւորութիւններուն, որոնցմէ թերացումը հայ ժողովուրդին մօտ իրաւացիօրէն կը յառաջացնէ տարակուսանք եւ զայրոյթ:

Համագումարը վերահաստատեց այն համոզումը, որ Հայաստանի անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման միակ երաշխաւորը կը մնայ հայկական ուժեղ եւ արդիականացած բանակը՝ իր թիկունքին ունենալով միասնական հայ ժողովուրդը:

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործընթացի ներկայ իրավիճակը՝ Համագումարը վերահաստատեց այն համոզումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքի հիման վրայ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակէն ներս:

Համագումարը կարեւորեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան` բանակցային գործընթացին լիիրաւ կողմ դառնալու անհրաժեշտութիւնը: Այս առթի Կուսակցութիւնը ողջունեց Արցախի պետական ղեկավարութեան եւ ազատատենչ

ժողովուրդին իր հողին կառչած մնալու որոշումը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Համագումարը կարեւորեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի գործնական դարձնելու եւ Սփիւռքի ներուժը աւելի արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան կենսական ոլորտները ղեկավարող գերատեսչութիւններէն ներս սփիւռքահայ մասնագէտներու ներգրաւումով: Այդ առնչութեամբ, առաջնահերթ է Սահմանադրութեան 148-րդ յօդուածին վերանայումը՝ վերացնելու համար անհարկի խոչընդոտները:

Համագումարը քննարկեց նաեւ Սփիւռքի ընդհանուր իրավիճակը եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն մէջ տիրող տնտեսական եւ ապահովական ճգնաժամերուն վերաբերեալ ու գտաւ, որ անհրաժեշտ է ամէն գնով կանգուն պահել այդ գաղութները եւ կանխել անոնց պարպումը: Իսկ, հակառակ պարագային, արտագաղթել ցանկացողներուն ուղղորդել դէպի Հայաստան: Այդ առումով՝ Համագումարը անգամ մը եւս կարեւորեց համազգային ջանքերով դէպի հայրենիք ներգաղթի համապարփակ ծրագիր մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ ներգաղթող հայ ընտանիքներուն համար բաւարար պայմաններու ստեղծումը, որպէսզի անոնք մշտապէս հաստատուին հայրենի հողին վրայ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
22-րդ Համագումարը քննարկելէ ետք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, դրական գնահատեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցային գործընթացը եւ անհրաժեշտ նկատեց երկու հարեւան ու ինքնիշխան պետութիւններուն միջեւ բնականոն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններու գոյացումը, պայմանաւ որ բանակցութիւնները տեղի ունենան առանց նախապայմաններու, եւ որպէս բարի կամքի դրսեւորում՝ Թուրքիա առաջին հերթին բանայ իր իսկ կողմէ փակած սահմանը:Համագումարը շեշտեց, որ բանակցութիւններու գործընթացը բացարձակապէս չի նշանակեր Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներէն հրաժարում եւ այս հարցը բանակցային սակարկութեան առարկայ չի կրնար դառնալ:

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն 3 Հոկտեմբեր, 2022

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment