Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Նախագահը Կը Պնդէ` Տեղեակ Չէ, Թէ Ռուսիան Կը Փափաքի Հայաստանը Դարձնել Միութենական Պետութեան Կամ Դաշնութեան Մաս

ԱԺ Նախագահը Կը Պնդէ` Տեղեակ Չէ, Թէ Ռուսիան Կը Փափաքի Հայաստանը Դարձնել Միութենական Պետութեան Կամ Դաշնութեան Մաս

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը կը պնդէ, որ ինք տեղեակ չէ, որ Ռուսիան կը փափաքի Հայաստանը դարձնել Ռուսիա-Պելառուսիա միութենական պետութեան կամ նոյնինքն Դաշնութեան մաս:

«Նման որեւիցէ խօսակցութեան ես իմ ռուս գործընկերների հետ ականատես չեմ եղել, նման խօսակցութիւն չկայ, ու գիտէք ինչ, ինձ համար չի էլ կարող լինել` Հայաստանի անկախութիւնն ու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը քննարկման ենթակայ չեն: Բացառում եմ, որ նման բան լինի, ու ես չիմանամ», ըսաւ ան:

Տեղեկութիւնը, յղում ընելով հաւաստի աղբիւրին, հրապարակած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ»ը:

Ընդ որում, պարբերականը արդէն երկրորդ օրն է` «հաւաստի աղբիւր» ստորագրութեամբ անանուն հրապարակումներ կ’ընէ բանակցային գործընթացին առնչուող մանրամասնութիւններու վերաբերեալ: Երէկ ալ պնդած էր, որ կը հրապարակէ Ատրպէյճանի 5 հիմնական պահանջները Հայաստանէն` Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի լուծարում, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչում Ատրպէյճանի կազմին մէջ` առանց որեւէ` զերօ կարգավիճակով, միջանցք Հայաստանի տարածքով, եւ որ սահմանագծումը իրականացուի 1919-1920-ական թուականներու քարտէզներով, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուած ատրպէյճանցիներու ճակատագրի պարզաբանում, ըստ հրապարակման` հնարաւոր է հետագային Հայաստանը պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրելու միտումով:

Ատրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար, ըստ վարչապետի ընտանիքին պատկանող պարբերականի հրապարակման, կա՛մ պէտք է բաւարարել այդ պահանջները, կա՛մ գտնել փոխզիջում, կա՛մ ալ Ատրպէյճանին ստիպել-համոզել հրաժարիլ այդ պահանջներէն:

Նիկոլ Փաշինեանի խմբակից Ալէն Սիմոնեանը կը յայտնէ, որ «Հայկական Ժամանակ»ի անանուն յօդուածագիրը հաւաստի աղբիւր չի համարեր: Բայց չի բացայայտեր ալ, որ Հայաստանի կարմիր գիծերը որոնք են Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment