Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Շինարարութեան Ցուցանիշը Նախորդ Տարուան Համեմատ Աճած Է 10 Տոկոսով

Արցախի Մէջ Շինարարութեան Ցուցանիշը Նախորդ Տարուան Համեմատ Աճած Է 10 Տոկոսով

by MassisPost

Ընթացիկ տարուան 8 ամսուան տուեալներով Արցախի մէջ  կատարուած է 40 միլիառ 539,5 միլիոն դրամի շինարարութիւն, որ  նախորդ տարուան Յունուար-Օգոստոսի համեմատ աճած է 10 տոկոսով:

Այս մասին տեղեկացուց Արցախի Վիճակագրութեան Պետական Խորուհրդի անդամ Սուսաննա Յարութիւնեանը:

«Իրականացուած շինարարութեան  50,5 տոկոսը ֆինանսաւորուել է պետական պիւտճէի միջոցներով,  24,8 տոկոսը մարդասիրական օգնութեան 21,3 տոկոսը` կազմակերպութիւնների», մանրամասնեց ան` յաւելելով, որ ըստ տնտեսական գործունէութեան տեսակներու շինարարութեան 45 տոկոսը բաժին ինկած է անշարժ գոյքի հետ կապուած գործունէութեան, 15,8 տոկոսը` հանքագործական արդիւնաբերութեան եւ բացահանքերու շահագործման, եւ 19,6 տոկոսը` փոխադրումներու եւ պահեստային տնտեսութեան ոլորտներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment