Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Փոխվարչապետները Արտատարածքային Միջանցքի Հարց Չեն Քննարկեր. Օւերչուք

Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Փոխվարչապետները Արտատարածքային Միջանցքի Հարց Չեն Քննարկեր. Օւերչուք

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու ապաարգելափակման եռակողմ աշխատանքային խումբը (կը գլխաւորեն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետները) որոշումներ կը մշակէ` ելլելով կողմերու ինքնիշխանութեան սկզբունքէն, տարածաշրջանին մէջ արտատարածքային որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օւերչուքը:

Անոր խօսքով կարեւոր է, որ բանակցութիւններու ընթացքին սկզբունք մշակուած է, որ հիմք հանդիսացած է այդ վարչակարգի սահմանման մօտեցումներուն.

«Այդ կը նշանակէ, որ եթէ ճանապարհը կ’անցնի հայկական տարածքով, ապա այդ հայկական ճանապարհ է, եթէ Ատրպէյճանի տարածքով` ատրպէյճանական», նշած է Օւերչուք:

Ան ընդգծած է. «Գործնականին մէջ այդ սկզբունքի իրագործումը կը նշանակէ, որ ապաշրջափակուած կամ նոր կառուցուած ճանապարհներով Ատրպէյճանի տարածք մուտք գործելու համար սահմանային եւ անձնագրային հսկողութեան միջոցառումներ պիտի իրականացուին այնպէս, ինչպէս, ըսենք, Իրանէն Հայաստան մուտք գործելու համար: Նոյն կերպ անձնագրային հսկողութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանէն Ատրպէյճան մուտք գործելու համար:

Անոր գնահատմամբ` «կողմերը այսօր ըմբռնումով կը մօտենան այդ հարցերու գործնական իրականացման հնարաւորութեան` առանց որեւէ կողմի ինքնիշխանութեան ոտնահարման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment