Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 100 Միլիոնաւոր Տոլարներ Վճարուած Են, Բայց Զէնքի Մատակարարումները Չեն Կատարուիր, Այդ Շարքին Դաշնակից Երկիրներու Կողմէ. Փաշինեան

100 Միլիոնաւոր Տոլարներ Վճարուած Են, Բայց Զէնքի Մատակարարումները Չեն Կատարուիր, Այդ Շարքին Դաշնակից Երկիրներու Կողմէ. Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանը որոշակի յաջողութիւններ ունի նաեւ Հայաստանի դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններուն իմաստով, կը փորձէ այնպէս ընել, որ Հայաստանին զէնք չմատակարարուի. 100 միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են, բայց Հայաստանի նկատմամբ մատակարարումներու պարտաւորութիւնները չեն կատարուիր, այդ շարքին` դաշնակից երկիրներու կողմէ: Վարչապետն այս մասին յայտարարեց կառավարութեան նիստին:

«Բոլոր այն ուղղութիւններով, բոլոր այն դէպքերում, որտեղ հնարաւոր է, ցաւօք, նրանք որոշակի յաջողութիւններ ունեն նաեւ մեր դաշնակիցների հետ յարաբերութիւնների իմաստով, որտեղ հնարաւոր է` նրանք փորձում են այնպէս անել, որ Հայաստանին զէնք, ռազմամթերք չմատակարարուի: Մենք ունենք դէպքեր, երբ 100 միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են, բայց Հայաստանի նկատմամբ մատակարարումների պարտաւորութիւնները չեն կատարւում, այդ թւում` դաշնակից երկրների կողմից: Սա ի հարկէ, ցաւալի իրողութիւն է: Եւ մենք պէտք է խորապէս վերլուծենք այս իրադրութիւնը», ըսաւ Փաշինեան:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է հասկնալ, որ այս ամէնը տեղի կ’ունենայ հեռահար կամ գուցէ ոչ-հեռահար նպատակով, որ հայկական կողմը հրաժարի իր պետականութենէն, իր ինքնիշխանութենէն, իր տարածքային ամբողջականութենէն զիջումներ ընէ:

«Բայց, ուզում եմ նաեւ ընդգծել, որ` ի հեճուկս բոլոր գործօնների, մենք վճռական ենք մեր անկախութիւնը, մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու գործում: Եւ փառք բոլոր այն հերոսներին, որոնք կանգնած են ՀՀ անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան դիրքերում», ընդգծեց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment