Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Կրկին Կը Սպառնայ Հայաստանին. «Ոչ Մէկուն Զանգը, Ոչ Մէկ Յայտարարութիւն, Նախաձեռնութիւն Մեզ Կը Կանգնեցնէ»

Ալիեւ Կրկին Կը Սպառնայ Հայաստանին. «Ոչ Մէկուն Զանգը, Ոչ Մէկ Յայտարարութիւն, Նախաձեռնութիւն Մեզ Կը Կանգնեցնէ»

by MassisPost

Մինչ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը ՄԱԿ-ի մէջ միջազգային գործընկերներուն հետ հանդիպումներուն կը խօսի խաղաղութեան երթալու Պաքուի պատրաստակամութեան մասին, երկրին նախագահը կրկին կը սպառնայ Հայաստանին: Իլհամ Ալիեւը Լաչինի մէջ Հայաստանը զգուշացուցած է սադրանքներու չդիմել, այլապէս «արժանի պատասխան պիտի տան»:

«Այսօր Հայաստանը պէտք է լաւ մտածէ: Ոչ ոք մեզի հետ վերջնագրերով կրնայ խօսիլ, եւ թող ոեւէ մէկուն վրայ յոյս չդնեն: Ես մէկ անգամ եւս կ’ուզեմ ըսել, մեզ ոչ ոք եւ ոչինչ կրնայ կանգնեցնել: Մենք իրաւունքի, արդարութեան, միջազգային իրաւունքի կողմնակից ենք, կը պաշտպանենք, պաշտպանած ու վերականգնած ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ամբողջ աշխարհին ցոյց տուած ենք, թէ ինչի ընդունակ ենք, մենք ուժով ազատագրեցինք մեր հողը եւ կը հպարտանանք անով: Սեպտեմբեր 13-ին, երբ մեր դէմ հերթական սադրանքը իրականացուեցաւ, ատրպէյճանական բանակը պատասխանեց ու թշնամիին իր տեղը դրաւ: Ես յոյսով եմ, որ սա վերջապէս դաս պիտի ըլլայ անոնց: Քանի որ տեսան, որ մեզի ոչ ոք եւ ոչինչ կը կանգնեցնէ: Ոչ մէկուն զանգը, ոչ մէկ յայտարարութիւն, նախաձեռնութիւն մեզ կը կանգնեցնէ: Մենք մեր հողին վրայ ենք ու մեր հողը կը պաշտպանենք», յայտարարած է Ալիեւը:

Ատրպէյճանի նախագահը պնդած է, որ Հայաստանը խաղաղութիւն չ’ուզեր եւ վրէժխնդրական միտքեր ունի: Ան դժգոհած է, թէ պաշտօնական Երեւանը գրեթէ մէկ տարիէ կը ձգձգէ սահմաններու սահմանազատման գործընթացը, իսկ հիմա այն պարզապէս պաշտօնական բնոյթ կը կրէ, եւ որեւէ էական բան, քարտէզներու մասին քննարկումներ չկան:

Ատրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ ատրպէյճանական կողմը 20-րդ դարի եւ նախորդ ժամանակաշրջանի քարտէզներ ունի, եւ անոնց հիման վրայ պէտք է սահմանազատման աշխատանքներ տարուին: Թէ ի՞նչ քարտէզներ են ու արդեօք Հայաստանը կ’ընդունի՞ զանոնք, Ալիեւը չէ մանրամասնած: Անցեալ տարի Ռուսիոյ նախագահը առաջարկած էր սահմանազատումը իրականացնել ռուսական բանակի գլխաւոր շտաբին մէջ պահուող քարտէզներով, սակայն մինչ օրս ալ յայտնի չէ, թէ որ թուականի քարտէզը հիմք պիտի ընդունուի սահմանազատման համար:

«Եթէ Հայաստանը կ’ուզէ մեզ մեղադրել, թէ մենք իրենց տարածք ներխուժած ենք, այդ որեւէ հիմնաւորում չունի: Նախ եւ առաջ, եթէ սահմանները ըլլային այնտեղ, ուր իրենք կ’ըսեն, ապա սահմանային ճարտարապետական աշխատանքներ կը տարուէին: Անոնք կը կարծէին, թէ ամբողջ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը իրենց պիտի մնայ: Այդ պատճառով ալ որեւէ բան չեն ըրած հայ-ատրպէյճանական սահմանին», պնդած է Ալիեւ:

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ խօսած է Հայաստանին առաջարկուած խաղաղութեան պայմանագրին մասին` նշելով, որ անոր համար Պաքուն Երեւանին ներկայացուցած է 5 սկզբունք, Հայաստանը զանոնք բանաւոր ընդունած է, բայց գործնականին մէջ ոչինչ կը կատարուի` ժամանակ երակարաձգելով:

«Նոյեմբեր 9-ի անձնատուութեան համաձայն, Հայաստանը պէտք է դուրս բերէր իր զինուած ուժերը Ղարաբաղէն: Դեռ ամբողջութեամբ դուրս չեն բերուած: Հայաստանը պէտք է Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող միջանցք տրամադրէր: Մինչ օրս ոչ միայն չեն տուած միջանցք, նոյնիսկ անոր երթուղին մեզի չեն ըսած: Գործնական որեւէ քայլ չեն ըրած», յայտարարած է Ալիեւ` յաւելելով, որ Ատրպէյճանը մինչեւ յաջորդ տարեվերջ Հայաստանի սահման տանող երկաթուղային եւ մայրուղիի ճանապարհներու կառուցումը պիտի աւարտէ, այնինչ, անոր խօսքով, հայկական կողմը ոչինչ կատարուած է եւ կարծես չեն ալ ուզեր ընել:

Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ դուրս բերած է իր զինուած ստորաբաժանումները Արցախէն, իսկ եռակողմ յայտարարութիւնով ամրագրուած միակ միջանցքը Լաչինի միջանցքն է, Հայաստանը չի պատրաստուիր իր ինքնիշխան տարածքին Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment