Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պիտի Չհանդուրժենք Տարածաշրջանին Մէջ Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն. Իրանի Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի Պետ

Պիտի Չհանդուրժենք Տարածաշրջանին Մէջ Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն. Իրանի Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի Պետ

by MassisPost

Իրանի Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետ Մոհամմատ Պաղերին յայտարարած է, որ Իրանը պիտի չհանդուրժէ տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն:

Ինչպէս հաղորդած է իրանեան «IRNA» գործակալութիւնը, Իրանի Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետը նշած է, որ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ’ընեն իրենց միջեւ խնդիրները լուծելու խաղաղ ճանապարհով` երկխօսութեան միջոցով: «Մենք հակամարտութիւններու եւ պատերազմներու չենք ձգտիր, սակայն չենք լռեր, երբ պէտք է անոնց դիմակայել», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 13-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ յարձակումին հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն եւ անհետ կորսուածներուն թիւը այս պահի դրութեամբ պաշտօնական տուեալներով 207 է, զոհուած է 3 քաղաքացիական անձ, վիրաւորուած է 293 զինուոր, 7 քաղաքացիական անձ, գերեվարուած է 20 զինուոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment