Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նենսի Փելոսի. «Հայաստան Մեր Այցը Ծրագրուած Է Նախքան Վերջին Բախումները»

Նենսի Փելոսի. «Հայաստան Մեր Այցը Ծրագրուած Է Նախքան Վերջին Բախումները»

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնգրէսի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի գրասենեակը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն` գոնկրէսականներու Երեւան այցը ծրագրուած է նախքան հայ-ատրպէյճանական վերջին ռազմական ընդհարումը:

Այցի աւարտէն յետոյ հրապարակուած այդ փաստաթուղթին մէջ կ’ըսուի, որ «Հայաստանը կարեւոր ճակատ է ժողովրդավարութեան եւ ինքնակալութեան միջեւ պայքարին մէջ»:

«Երեւանի մէջ մենք փոխանցած ենք Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան սատարելու հզօր ուղերձ, յատկապէս Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն յետոյ: Մեր այցը նախատեսուած էր Սեպտեմբեր 12-ի ռազմական գործողութիւններէն առաջ», կ’ըսուի Փելոսիի գրասենեակի տարածած գրաւոր հաղորդագրութեան մէջ:

Ամերիկացի գոնկրէսականները Երեւանի մէջ պետութեան ղեկավարներուն` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ պաշտպանութան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպելէ զատ քննարկումներ կատարած են նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ղեկավարներուն հետ:

Բացի այդ, տեղի ունեցած է հանդիպում Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներուն հետ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «թէպէտ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական ասպարէզին մէջ կան տարաձայնութիւններ` բոլոր առաջնորդներուն միջեւ առկայ է յստակ համաձայնութիւն առ այն, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է անյապաղ դադրեցնել յարձակողական գործողութիւնները»:

Փաստաթուղթին մէջ կ’ըսուի, որ Գոնկրէսին պատուիրակութիւնը «տուն կը վերադառնայ հպարտ եւ պատրաստ յառաջ տանելու երկարամեայ յանձնառութիւնը ժողովրդավարական Հայաստանի եւ անվտանգ ու խաղաղ Կովկասի տարածաշրջանի նկատմամբ»:

Նենսի Փելոսիի ղեկավարած գոնկրէսական պատուիրակութեան այցը արդէն աւարտուած է, եւ ամերիկացի օրէնսդիրները հեռացած են Երեւանէն:

Պաշտօնական Պաքուն խստօրէն քննադատած է Փելոսիի մեկնաբանութիւնները հայ-ատրպէյճանական վերջին ընդհարումներուն վերաբերեալ:

Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակը Երեւանի մէջ, մասնաւորապէս, նշած է, որ գոնկրէսականները մտադիր են ընդունիլ նախագիծ, որով պիտի դատապարտեն Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի նկատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment