Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Հանդիպած Է Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ

Վարչապետը Հանդիպած Է Արտախորհրդարանական Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հանդիպած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի մասնակից կուսակցութիւններու ղեկավարներուն:

Հանդիպման մասնակցած են «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը, Հայաստանի Քրիստոնէա-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Շիրինեանը, «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Մհեր Տէրտէրեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի Վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճեմեանը, Հայաստանի Եւրոպական Կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Խզմալեանը,  «Ուժը Հայրենեաց» կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Արզաքանցեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment