Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Fitch Ratings-ը Զգալիօրէն Բարելաւած Է Հայաստանի Տնտեսութեան Աճի Կանխատեսումը

Fitch Ratings-ը Զգալիօրէն Բարելաւած Է Հայաստանի Տնտեսութեան Աճի Կանխատեսումը

by MassisPost

Fitch Ratings միջազգային վարկանիշային գործակալութիւնը զգալիօրէն բարելաւած է Հայաստանի տնտեսութեան աճի կանխատեսումը: Հայաստանը գնահատուած  է B+ մակարդակով:

Սեպտեմբեր 2-ին գործակալութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն` ուքրանական հակամարտութիւնը եւ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները յանգեցուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ քաղաքացիներու զգալի գաղթի Հայաստան, 2022 թուականի առաջին կիսամեակին երկիր այցելուներու թիւը տարեկան աճած է 515%-ով:

Գործակալութեան վերլուծաբանները կը նշեն, որ գաղթականներուն զգալի մասը բարձր կրթութեան մասնագէտներ են, յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ:

Գործակալութիւնը Հայաստանի համար ՀՆԱ-ի աճ կանխատեսած է 6,4%` 2022 թուականին եւ մինչեւ 4,7%  2023-2024 թուականներուն: Fitch Ratings-ը այս տարուան Մարտին իր նախորդ կանխատեսմամբ Հայաստանի ՀՆԱ-ի աճը 2022 թուականի վերջաւորութեան կանխատեսած էր 1,3%:

Գործակալութիւնը որպէս բացասական գործօն կը նշէ  Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու վատթարացման վտանգները, որոնք կ’ազդեն երկրին տնտեսութեան վրայ, սակայն չի կանխատեսուիր նաեւ, որ անոնք լուրջ հետեւանքներ կ’ունենան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment