Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Հրաւէր Ստացած Է Մասնակցելու Եւրոմիութեան Ոչ-Պաշտօնական Գագաթաժողովին

Հայաստանը Հրաւէր Ստացած Է Մասնակցելու Եւրոմիութեան Ոչ-Պաշտօնական Գագաթաժողովին

by MassisPost

«Հայաստանը հրաւէր ստացած է` մասնակցելու Հոկտեմբերին Փրակի մէջ կայանալիք Եւրոմիութեան ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին», յայտարարած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը:

Հանդիպման ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել «եւրոպական քաղաքական համայնքի» ստեղծման գաղափարը` համագործակցելու այն երկիրներուն հետ, որոնք կը դիտարկեն ԵՄ-ին հնարաւոր անդամակցութեան տարբերակը:

Հրաւիրուած միւս երկիրներու շարքին են Նորվեկիան եւ Զուիցերիան, ԵՄ-ին միանալ փափաքող ինը երկիր, այդ շարքին` Ուքրանիան, Մոլտովան, Վրաստանը, արեւմտապալքանեան վեց երկիրները եւ Ատրպէյճանը:

Գագաթաժողովին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը հարցականի տակ է, որուն, ինչպէս կը նշուի, դէմ են Յունաստանը եւ Կիպրոսը: Այս մասին Միշէլ ըսած է, որ ԵՄ-ն պէտք է հրաւիրէ Թուրքիան, սակայն «պիտի համոզուիլ, որ աջակցութիւն կայ բոլոր գործընկերներուն կողմէ»:

Կը նշուի, որ Եւրոմիութիւնը հրաւէր պիտի ուղարկէ նաեւ Բրիտանիոյ նոր վարչապետին՝ Լիզ Թրասին:

Թէեւ մտավախութիւններ կային, որ եւրոպական քաղաքական համայնքը կրնայ պարզապէս կրկնօրինակել գոյութիւն ունեցող համաեւրոպական մարմինները, ինչպիսին ԵԱՀԿ-ն է, Միշէլ ընդգծած է, որ առաջնորդները կը փափաքին ունենալ ոչ-պաշտօնական եւ «շատ ճկուն» մարմին, որ նման է G7-ին կամ G20-ին: Ան ըսած է. «Մենք չենք ուզեր բարդ կառոյց»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment