Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Դիմադրութիւն» Շարժման Մասնակիցը Բարձրադիր Վայրէ Քար Եւ Շիշ Նետած Է Ոստիկաններուն Ուղղութեամբ․ Գործին Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

«Դիմադրութիւն» Շարժման Մասնակիցը Բարձրադիր Վայրէ Քար Եւ Շիշ Նետած Է Ոստիկաններուն Ուղղութեամբ․ Գործին Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ  իրականացուած քննչական եւ վարութային մեծածաւալ գործողութիւններու միջոցով պարզուած են քաղաքական ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն» շարժման կողմէ կազմակերպուած հաւաքի ընթացքին 2022 թուականի Յունիս 3-ին Երեւան քաղաքի Պռօշեան-Դեմիրճեան փողոցներու խաչմէրուկին վրայ տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններու դէպքի շարք մը հանգամանքներ, անհատականացուած են մասնակիցներուն գործողութիւնները. քրէական վարոյթով մեղադրեալներէն մէկուն` քրէական վարոյթի ծիրին մէջ յայտարարուած հետախուզմամբ յայտնաբերուած Գ. Սարգսեանի վերաբերեալ մասով նախաքննութիւնը աւարտած է:

Շարժման ղեկավարներուն կազմակերպմամբ եւ ուղղորդմամբ, Երեւան քաղաքի Դեմիրճեան փողոցի ուղղութեամբ դէպի ՀՀ Ազգային Ժողով անցնելու համար, հաւաքին մասնակիցները, Պռօշեան-Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ, չենթարկուելով հասարակական կարգի պահպանութիւնը իրականացնող ոստիկանութեան աշխատակիցներու օրինական պահանջներուն, փորձած են ճեղքել ոստիկանական շղթան, քարերով, մետաղեայ ձողերով, մուրճով, շիշերով, ինչպէս նաեւ այլ առարկաներով հարուածներ հասցուցած են իրենց ծառայողական պարտականութիւնները իրականացնող ոստիկաններուն: Նշուած զանգուածային անկարգութիւններուն մէջ ներգրաւուած քաղաքացի Գ. Սարգսեանը, հաւաքուած ամբոխի շարքերէն նախ ձեռքերով հարուածած է պատնէշ կազմած ոստիկաններուն, ապա բարձրադիր վայրէ քար եւ շիշ նետած է անոնց ուղղութեամբ:

Զանգուածային անկարգութեան մասնակիցներու, այդ շարքին` Գ. Սարգսեանի գործողութիւններուն հետեւանքով ոստիկանութեան շարք մը ծառայողներ ստացած են տարբեր ծանրութեան աստիճանի մարմնական վնասուածքներ:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ` Գ. Սարգսեանին մեղադրանք ներկայացուած է` 2003 թուականին ընդունուած ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 2-րդ մասով, (որ կը համապատասխանէ 2022 թուականի Յուլիս 1-էն ուժի մէջ մտած ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 327-րդ յօդուածի 1-ին մասին): Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Վերջինիս վերաբերեալ մասը անջատուած է առանձին վարոյթի մէջ, նախաքննութիւնը աւարտուած է, եւ քրէական վարոյթի նիւթերը ուղարկուած են դատավարական ղեկավարում իրականացնող դատախազին` մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment