Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պրիւքսէլի Մէջ Կայացած Է Քլաարի, Գրիգորեանի Եւ Հաճիեւի Հանդիպումը

Պրիւքսէլի Մէջ Կայացած Է Քլաարի, Գրիգորեանի Եւ Հաճիեւի Հանդիպումը

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ կայացած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի, Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ արտաքին յարաբերութիւններու հարցով Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումը:

«Այսօր Պրիւքսէլի մէջ Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Արմէն Գրիգորեանի հետ լաւ եւ բովանդակային քննարկում ունեցանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն, Եւրոմիութեան ներգրաւուածութեան հարցերով», Թուիթերով գրած է Քլաարը:

Հայկական եւ ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները հանդիպման վերաբերեալ առայժմ չեն հաղորդեր:

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին եւ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականին միջեւ երկու հանդիպում կայացած է այս տարուան գարնան, ամրան նախատեսուած հանդիպումները պաշտօնական Պաքուն երկու անգամ յետաձգած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment