Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵՄ-ն Այժմ Աւելի Գործուն Դիրք Ստանձնած Է Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործին Մէջ․ Դեսպան Վիքթորին

ԵՄ-ն Այժմ Աւելի Գործուն Դիրք Ստանձնած Է Հակամարտութեան Կարգաւորման Գործին Մէջ․ Դեսպան Վիքթորին

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը շահագրգռուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաշտեցմամբ եւ հիմնախնդիրի կայուն լուծմամբ, «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը` շեշտելով, որ կը ցաւին իւրաքանչիւր միջադէպի համար:

Հարկաւոր է աւելին ընել մնացեալ գերիները վերադարձնելու, ականազերծման ոլորտին մէջ, ինչպէս եւ անյայտ կորսուածներու որոնման մէջ յառաջընթացի հասնելու համար, նշած է դեսպանը:

Ողջունելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերը` Անտրէա Վիքթորինը ընդգծած է, որ Եւրոմիութիւնը կողմ է հակամարտութեան հետ կապուած բոլոր խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման:

Եւրոմիութիւնը լիովին կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի հովանիին ներքոյ գործընթացի յառաջմղման, ըսած է դեսպանը` ընդգծելով, որ գործընթացը, իրօք, կ’առաջնորդէին ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահները:

Վկայակոչելով Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի կանոնաւոր խորհրդակցութիւններն ու այցերը Երեւան եւ Պաքու` Անտրէա Վիքթորինը միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այժմ աւելի գործուն դիրք ստանձնած է եւ տեսանելի դեր կը խաղայ հնարաւոր ամենաբարձր մակարդակով:

Այս ջանքերը, ըստ դեսպանին, որեւէ կերպ մրցակցութեան նպատակ չունին կամ ուղղուած չեն այլ դերակատարներու դէմ: «Պէտք է ընդգծեմ սա, քանի որ շատ են շահարկումները այս հարցին շուրջ: Մենք պէտք է խօսինք փոխլրացման, ոչ թէ մրցակցութեան մասին: Երեք եռակողմ հանդիպումները` 2021 թուականի Դեկտեմբերին, 2022 թուականի Ապրիլին եւ Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ, նպատակ ունէին աջակցելու կայուն հանգուցալուծման: Միեւնոյն ժամանակ, ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը նախաձեռնեց բարձր մակարդակի հանդիպումներ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի միջեւ: Այս բարձր մակարդակի միջնորդութիւնները, շփումներուն որակը այն աւանդն է, որ մենք կրնանք ունենալ այս գործին մէջ, եւ Եւրոմիութիւնը իսկապէս յանձնառու է շարունակելու մեր ջանքերը այս ձեւաչափերուն մէջ: Բնականաբար, մենք կը լսենք երկու երկիրներուն ցանկութիւնները: Բայց կը կրկնեմ` սա մրցակցութիւն չէ, սա փոխլրացում է այլ ջանքերու միջոցով»:

Վիքթորինը նաեւ ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն ուղիղ շփումը, որ տեղի ունեցաւ Յուլիս 16-ին, Թիֆլիսի մէջ: «Կը կարծեմ, որ բոլոր այս տարրերը կը միաւորուին, եւ ջանքեր կը գործադրուին երկու երկիրներու միջեւ կայուն լուծում գտնելու նպատակով», ըսած  է դեսպանը:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` Անտրէյ Վիքթորինը ըսած է, որ Եւրոմիութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ քննարկումներու նախաձեռնութեան` յոյս յայտնելով, որ սա պիտի տանի դէպի կարգաւորում:

«Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը կարեւոր քայլ էր դէպի առջեւ: Եւրոմիութիւնը տարիներ շարունակ գործուն եղած եւ աջակցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Մենք կ’ուզենք յառաջընթաց տեսնել, քանի որ կը կարծենք, որ այդ շահաւէտ է ժողովուրդներուն համար եւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ», եզրափակած է դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment