Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Երեւանը Չ’արձագանգեր Ատրպէյճանի Նախագահի Յայտարարութեան

Պաշտօնական Երեւանը Չ’արձագանգեր Ատրպէյճանի Նախագահի Յայտարարութեան

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը առայժմ չէ արձագանգած Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութեան, թէ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը «ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ որեւէ յատուկ արտօնութիւններ պիտի չունենան, ինչպէս Ատրպէյճանի քաղաքացիները, այնպէս ալ անոնք»:

Ստեփանակերտէն արձագանգած է արտաքին գործերու նախարարը` վերահաստատելով, որ Արցախի համար Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է: Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով` Ատրպէյճանը երբեք չէ թաքցուցած Արցախի վերաբերեալ իր ծրագրերը, Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ոչինչ պիտի ունենայ, քանի որ Ղարաբաղը ինքը պիտի չըլլայ:

Բաբայեան իր ֆէյսպուքեան էջով երէկ ուշ երեկոյեան նաեւ անկեղծութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահին` ակնարկելով, որ այս յայտարարութիւնը անսպասելի չէր:

Այսօր նաեւ Արցախի նախագահը խօսած է: «Պէտք է զինուել համբերութեամբ եւ չշեղուել անկախութեան ուղուց», յայտարարած է Արայիկ Յարութիւնեանը Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաք կատարած այցի ընթացքին:

«Ոչ մէկի համար գաղտնիք չէ, որ պարբերաբար հրահրուող սադրիչ գործողութիւններն ուղղուած են Արցախը հայաթափելուն` արժեզրկելով ինչպէս եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած առանց այն էլ փխրուն խաղաղութիւնը, այնպէս էլ այդ խաղաղութեան պահպանման գործառոյթը ստանձնած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը», ըսած է Յարութիւնեանը:

Ատրպէյճանի նախագահը Ղարաբաղէն խօսած էր Իսմայիլի շրջան կատարած այցի ընթացքին` դարձեալ պնդելով, որ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին մէջ Ղարաբաղի հարց չկայ:

«Ղարաբաղի հայերը պէտք է ճիշդ քայլ ընեն եւ գիտակցին, որ իրենց ապագան միայն ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ համարկումն է: Ղարաբաղի հայերը ոչ կարգավիճակ, ոչ անկախութիւն, ոչ ալ առաւելութիւններ պիտի ունենան: Անոնք Ատրպէյճանի իրաւահաւասար քաղաքացիներ են», նշած է Իլհամ Ալիեւը:

Ատրպէյճանի նախագահը այս յայտարարութիւնները կ’ընէ սահմանային վերջին սրացումէն յետոյ, որուն հետեւանքով հայկական կողմէ երկու զինուոր զոհուեցաւ, 19-ը վիրաւորուեցան:

Անցեալ շաբաթ` այդ լարուածութեան ընթացքին Ստեփանակերտը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանը պահանջած է Արցախ-Հայաստան կապը նոր երթուղիով կազմակերպել, ինչ որ կը նշանակէր, որ այժմ գործող Լաչինի միջանցքը իր բնակավայրերով հանդերձ կ’անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան: Արցախի իշխանութիւնները յաջորդիւ տեղի բնակիչներուն յայտնեցին, որ մինչեւ Օգոստոս 25 ժամանակ ունին իրենց տուներէն հեռանալու համար:

Պաքուն արդէն կը յայտարարէ, որ կը պատրաստուի Ատրպէյճանին յանձնուող Լաչինը, Աղաւնօն եւ Սուսը ատրպէյճանցիներով բնակեցնել:

Ատրպէյճանական հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Իլհամ Ալիեւը նաեւ ըսած էր, որ պատերազմէն յետոյ խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսելու առաջարկ ըրած են, բայց Երեւանէն դրական պատասխան դեռ չեն ստացած, յոյսով են, որ կը ստանան: Ատրպէյճանի նախագահին խօսքով` հայկական կողմը դէմ էր նաեւ սահմանազատման յանձնաժողովի ստեղծման, յետոյ, սակայն, համաձայնեցաւ: Յառաջիկայ շաբաթներուն ալ կը սպասեն, որ հայկական կողմը կը ներկայացնէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի երթուղին:

Հայաստանի իշխանութիւնները, մինչդեռ, պարբերաբար կը յայտարարեն, որ Երեւանը կողմ է խաղաղութեան բանակցութիւններուն, սահմանազատման ու սահմանագծման, ինչպէս նաեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման` շեշտելով, որ Ատրպէյճանի մօտեցումն է ապակառուցողական:

Ամիսներ առաջ խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսելու Ատրպէյճանի հինգ սկզբունքներուն Երեւանը վեց կէտնոց առաջարկով պատասխանած էր, որոնց մէջ կը շեշտուէր, որ հայկական կողմին համար հիմնարար են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment