Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրէն Մանուկեանն Ու Եւս Մէկ Հոգի Կալանաւորուած Են Քոքոպէլեանի Հայրը Առեւանգելու Գործով

Սուրէն Մանուկեանն Ու Եւս Մէկ Հոգի Կալանաւորուած Են Քոքոպէլեանի Հայրը Առեւանգելու Գործով

by MassisPost

ՀՅԴ անդամ Սուրէն Մանուկեանն ու Իջեւան քաղաքի եւս մէկ բնակիչ` Արմէն Քամալեանը, կալանաւորուած են «Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ Խաչատուր Քոքոպէլեանի 83-ամեայ հայրը առեւանգելու համար:

Իրաւապահները անցեալ շաբաթ հաղորդած էին, որ խումբ մը դիմակաւորուած անձեր Աչաջուր գիւղը բնակող Գրիշա Քոքոպէլեանը իր կամքին հակառակ նստեցուցած են ինքնաշարժ, փակած են աչքերը եւ դուրս բերած են գիւղէն: Յետոյ զայն տեղափոխած են Լոռիի մարզի Ծաթեր գիւղ եւ այդտեղ 5 օր հսկողութեան տակ պահած են բնակիչներէն մէկուն վարձակալած հիւրատան մէջ:

Այդ ընթացքին «անյայտ անձը կապ հաստատած է Գրիշա Քոքոպէլեանի հարազատներուն հետ եւ զայն անվնաս վերադարձնելու դիմաց գումար պահանջած»: Որոշակի գումար ստանալէ յետոյ միայն աւագ Քոքոպէլեանին «աչքերը փակ տեղափոխած են դէպի Իջեւան, իջեցուցած են ճանապարհի անտառապատ գօտի, նստեցուցած՝ քարի վրայ եւ հեռացած», որմէ յետոյ հեռախօսով հարազատներուն յայտնած են անոր գտնուելու վայրը: Նոյն օրը հարազատները զայն յայտնաբերած են անտառային այդ տարածքին մէջ:

Ոչ իրաւապահները, ոչ ալ Քոքոպէլեանները կը յայտնեն, թէ որքան գումար պահանջած են ենթադրեալ առեւանգողները: Քննչական Կոմիտէն ճանապարհներուն տեղադրուած տեսախցիկներու ճշդած տեսարաններ հրապարակած է, ուր կ’երեւին ենթադրեալ յանցակիցները ու մեղադրանքին մէջ նշուած ինքնաշարժները:

Անցեալ շաբաթ առեւանգման համար մեղադրուողներու ձերբակալութենէն յետոյ Դաշնակցութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, ուր դատապարտելով տեղի ունեցածը` հերքած է իրենց անդամներւն, մասնաւորապէս նախկին պատգամաւոր Սուրէն Մանուկեանի առնչութիւնը այս դէպքին եւ անոր ձերբակալութիւնը համարած է քաղաքական հետապնդում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment