Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց հաւաքականը Համաշխարհային Ողիմպիականի նախավերջին փուլին յաղթեց Ատրպէյճանի հաւաքականին:
Հնդկաստանի Չենայ քաղաքին մէջ ընթացող Ողիմպիականի 10-րդ փուլին Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը մրցեցաւ ատրպէյճանցիներու հետ եւ առաւելութեան հասաւ 3-1 արդիւնքով: Հայաստանի ընտրանիի կազմին մէջ յաղթանակ տօնեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը: Միաւորը կիսեցին Հրանդ Մելքումեանն ու Մանուէլ Պետրոսեանը:
Մինչ այս Արման Փաշիկեանի գլխաւորած հաւաքականնը տօնած է 7 յաղթանակ` առաւելութեան հասնելով Մատակասքարի, Անտորրայի, Եգիպտոսի, Աւստրիոյ, Անգլիոյ, Հնդկաստանի (առաջին եւ երկրորդ խումբեր) ընտրանիներու նկատմամբ, իսկ ԱՄՆ-ի հետ հանդիպումը աւարած էր հաւասար եւ զիջած է Ուզպեքիստանի հաւաքականին:
Ողիմպիականի աւարտին մնացած է մէկ փուլ: Այս պահի դրութեամբ Հայաստանի հաւաքականը տակաւին առաջատարն է: Սակայն միւս հաւաքականներուն արդիւնքները տակաւին յայտնի չեն: