Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Եկած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Եօթը Ամիսներուն Կազմած Է 770 Հազար

Հայաստան Եկած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Եօթը Ամիսներուն Կազմած Է 770 Հազար

by MassisPost

Հայաստան եկած զբօսաշրջիկներուն թիւը Օգոստոս 1-ի դրութեամբ եշած է 770 հազար: Այս մասին Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի իր էջով նշած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը: Միայն Յուլիս ամսուն զբօսաշրջիկներու թիւը կազմած է 188.856:

Օրեր առաջ «Արմենփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ՀՀ Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեան նշած էր, որ ամէնէն շատ զբօսաշրջիկներ Հայաստան կու գան Ռուսիայէն` մօտ 56 տոկոս: Այնուհետեւ կը յաջորդէ Իրանը, Գերմանիան, Վրաստանը, ԱՄՆ-ն: Ան տեղեկացուցած էր, որ զբօսաշրջային տարբեր արտադրութիւններով ու առաջարկներով կը փորձեն աշխուժացնել ինչպէս աւանդական թիրախային շուկաները, այնպէս նաեւ ներգրաւել նոր ուղղութիւններ:

Դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու տեսանկիւնէն Զբօսաշրջութեան Կոմիտէն որպէս նոր ուղղութիւններ նախանշած է Ֆրանսան ու ԱՄԷ-ն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment