Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Տակաւին Յստակ Քայլեր Չէ Տեսած Երեւանի Կողմէ. Չաւուշօղլու

Անգարան Տակաւին Յստակ Քայլեր Չէ Տեսած Երեւանի Կողմէ. Չաւուշօղլու

by MassisPost

Անգարան տակաւին Երեւանի կողմէ յստակ քայլեր չէ տեսած: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն` խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին:

Յիշեցնելով բանակցութիւններուն եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ պայմանաւորուածութիւններուն մասին` Չաւուշօղլուն ընդգծած է, որ «միջին միջանցքը» նոյնպէս նշանակութիւն ձեռք բերած է, քանի որ ռուս-ուքրանական պատերազմը սկսելով ապրանքները չեն կրցած հասնիլ Արեւմուտք Ռուսիայով: Չաւուշօղլուն ըսած է, որ Անգարայի եւ Պաքուի մտադրութիւնները  «անկեղծ» են: «Մենք կը փափաքինք գործով տեսնել, թէ որքանով անկեղծ է Հայաստանը: Առայժմ կան տեղեկութիւններ եւ յայտարարութիւններ: Կայ նաեւ ճնշում, այդ ճիշդ է: Սփիւռքը դուրսէն, ծայրայեղականներու խումբը` ներսէն: Մենք կը փափաքինք տեսնել, թէ որքանով անկեղծ է Հայաստանը: Մենք այդ յստակ քայլերը տակաւին չենք տեսած: Այլ նախագիծերու մէջ, այդ շարքին Զանգեզուրի նախագիծին կամ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ… Հայաստանի իշխանութիւնները, Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը պէտք է դրական քայլերու ձեռնարկեն այս հարցերուն մէջ խաղաղութեան համար: Խօսքերը բաւարար չեն»:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Անգարան կ’իրականացնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց Ատրպէյճանի հետ համակարգմամբ: «Քայլերը, որոնք պիտի ձեռնարկուին տարածաշրջանին մէջ, օգուտ պիտի բերեն բոլորին: Մենք կը սպասենք Հայաստանէն յստակ քայլեր այս առումով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment