Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով նշանակուած բանագնացներու Վիեննայի մէջ կայացած չորրորդ հանդիպումի աւարտին յայտարարուեցաւ թէ, կողմերը համաձայնած են բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար` ամենակարճ ժամկէտներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ, վերսկսիլ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումները:
Այս յայտարարութիւնը որոշ չափով անակնկալ էր, նկատի առնելով որ, նախ քան այս վերջին հանդիպումը, Հայկական կողմը լաւատես չէր ընթացող բանակցութիւններուն կապակցութեամբ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ շատ զգուշաւոր էր ընթացող բանակցութիւններէն իր ակնկալիքներուն վերաբերեալ, յիշեցնելով նախկին փորձը, երբ կողմերուն միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը անգամ մնաց չիրագործուած: Հայկական կողմի բանագնաց` Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան նախքան Վիեննա իր մեկնիլը տարօրինակ գտաւ Թուրքիոյ տարբեր պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները այն մասին, որ իրենք գործընթացը կը համաձայնեցնեն Ատրպէյճանի հետ:
«Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի մեկնարկից ի վեր Հայաստանը շատ կառուցողական է եղել: Հայաստանն ունի քաղաքական կամք եւ ցուցադրել է այդ կամքը` արագ կարգաւորման հասնելու: Գործընթացի յաջողութիւնը կախուած է Թուրքիայի համապատասխան կառուցողականութիւնից եւ քաղաքական կամքից: Ինչպէս տեսնում էք` մինչեւ այս պահն առանձնապէս մեծ յառաջընթաց չկայ, դա տեսանելի է», ըսաւ Ռուբինեան:
Ինչպէս յայտնի է Թուրքիա-Հայաստան սահմանը փակ կը մնայ 1993 թուականէն սկսեալ` թրքական կողմի որոշումով: Այդ թուականէն ասդին, Անգարան սահմանի բացման համար նախապայման կը նկատէր` Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածքներու» վերադարձը:
Եւրոպական կառոյցները եւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգները Անգարայի մօտ յաճախ կը բարձրացնէին Հայաստանի հետ սահմանը բանալու հարցը: Անոնք նաեւ կը քաջալերէին Երեւանը« որպէսզի փորձ մը եւս ընէ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները նորմալացնելու ուղղութեամբ: Երկու երկիրները ընդառաջելով այդ կոչերուն` համաձայնեցան բանակցութիւններ վարել առանց նախապայմաններու, որ Հայաստանի միակ առաջարկն էր:
Հակառակ այդ սկզբունքին շուրջ հնչող երկուստեք հաւաստիացումներուն, Թուրք պաշտօնեաները անդադար կը խօսին Պաքուի պահանջը հանդիսացող «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, իսկ հայկական կողմը կը պնդէ որ, օրակարգի վրայ նման հարց գոյութիւն չունի: Քննարկելի է միայն ճանապարհներու եւ հաղորդակցութեանց ալ միջոցներու երկուստեք բացումը:
Այս բոլորը նկատի առած է որ, հայկական կողմը սկսած էր հրապարակաւ կասկած յայտնել Անգարայի անկեղծութեան մասին: Թէ ինչո՞ւ Անգարա մէկ անգամէն «կակուղցուցած» է իր դիրքը, կը մնայ հարցական: Մէկ բան նշմարելի է որ, այդ որոշումը կը յաջորդէր ՆԱԹՕ-ի վերջին գագաթի ժողովին առընթեր տեղի ունեցած Պայտըն-Էրտողան առանձին հանդիպումին:
Ի՞նչ կը վերաբերի բուն որոշումին, այն կիսաքայլ մըն է, որ չի կրնար ոգեւորութիւն յառաջացնել Հայաստանի կառավարական շրջանակներուն մօտ: Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու վերսկսումը մեծ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Սահմանի մասնակի բացումը կրնայ որոշ չափով նպաստել որպէսզի օտարերկրացի զբօսաշրջիկները Թուրքիայէն ետք այցելելէ նաեւ Հայաստան: Իսկ այն սփիւռքահայերը, որոնք կը փափաքին Հայաստանէն մեկնիլ Արեւմտեան Հայաստան, կրնան այդ ուխտագնացութիւնը կատարել, առանց Վրաստան մուտք գործելու:
Թէեւ կը խօսուի այս վերջին որոշումները կեանքի կոչել` կարճ ժամկէտներու ընթացքին, սակայն մեկնելով անցեալի փորձէն թուրքիա դարձեալ կրնայ ձգձգել այդ քայլի իրականացումը, շարունակելով Հայաստանի հետ «գործընթացները համաձայնեցնել Ատրպէյճանի հետ», որ դէմ է Հայ-թրքական որեւէ տեսակի մերձեցման: Հայաստան ցոյց տուած է իր բարի կամեցողութիւնը, սակայն պատրաստ չէ ոչ իրատեսական զիջումներու: Հետեւաբար, Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման գնդակը կը շարունակէ մնալ թրքական Կողմին Մօտ:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»